Արամ Ա. Աթէնքի համալսարանէն կը ստանայ պատուոյ դոկտորա

By Asbarez | Wednesday, 01 October 2014

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդառաջելով Աթէնքի համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրին, դասախօսութիւն մը տուաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան նիւթին շուրջ: Դասախօսութեան ներկայ էին վարչապետին եւ Յունաստանի եկեղեցւոյ պետին ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, ակադեմական ու պետական շրջանակներ ներկայացնող բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:


Համալսարանի նախագահը խօսք առնելով ներկայացուց վեհափառին կենսագրութիւնը: Ան նշեց բոլոր համալսարանները եւ վկայականները (M.Div. մագիստրոս Աստուածաբանութեան, S.T.M. ծայրագոյն մագիստրոս Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան եւ Ph.D. դոկտոր փիլիսոփայութեան), զորս կաթողիկոսը ստացած է:


Ապա, համալսարանի տնօրէնը ներկայացնելով Արամ Ա. կաթողիկոսի գործունէութիւնը, յատկապէս աստուածաբանական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մարզերէն ներս, մէջբերումներ կատարեց վեհափառին աշխատասիրութիւններէն եւ զայն ներկայացուց որպէս ներկայ ժամանակներու աչքառու աստուածաբան, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական երկխօսութեան ռահվիրայ եւ միջազգային առումով կրօնական դէմք: Մեկնելով այս իրողութենէն՝ տնօրէնը ըսաւ, թէ համալսարանի վերին իշխանութիւնը որոշած է վեհափառին շնորհել Աթէնքի համալսարանի Պատուոյ դոկտորայի տիտղոս, եզակի տիտղոս մը, որ բացառիկ կարողութիւններու տէր անձերու կը շնորհուի, շեշտեց տնօրէնը: Արտասանուած խօսքերէն ետք կարդացուեցաւ Պատուոյ դոկտորայի տուուչութեան պաշտօնագիրը:
Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուեցաւ դասախօսութիւն տալու: Ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ ետք Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապը, վեհափառը շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները պէտք չէ դիտողի դերին մէջ ըլլան, այլ պէտք է մասնակից դառնան այն բոլոր աշխատանքներուն, որոնց նպատակը ժողովրդավարական կարգերու հաստատումն է: Վեհափառը նաեւ ըսաւ, թէ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս կը մերժէ փոքրամասնութիւն ըլլալու մօտեցումը, այլ կը պահանջէ իր իրաւունքները որպէս համահաւասար քաղաքացիներ: Ի վերջոյ, վեհափառը կարեւորութեամբ ընդգծեց երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը միաստուածեան կրօններուն միջեւ՝ նկատի ունենալով կրօնի կարեւոր դերը ընկերութեան կեանքէն ներս: Իր խօսքին երկրորդ բաժինին մէջ, ան մատնանշեց այն կէտերը, որոնք պէտք է ստանան առաջնահերթութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներուն համար. քրիստոնէական միութեան ամրապնդում, կրօնական դաստիարակութեան վերակազմակերպում, եկեղեցւոյ ժողովրդանուէր ծառայութեան աշխուժացում, միջ-եկեղեցական գործակցութեան ամրապնդում եւ Սփիւռքի հետ կապերու սերտացում: Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Յունաստանի դերակատարութեան, յարաբերաբար Միջին Արեւելքին ու յատկապէս շրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն: Ան ըսաւ, Յունաստանի ու Միջին Արեւելքի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերը եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, պէտք է մղեն Յունաստանը եւ Յունաստանի եկեղեցին աւելի լայն ու յանձնառու դերակատարութիւն ստանձնելու շրջանէն ներս:

Դասախօսութենէն ետք ներկաները շնորհաւորեցին կաթողիկոսը: Այս առիթով, վեհափառը հարցազրոյց մը ունեցաւ Յունաստանի պետական հեռատեսիլին հետ:


comments