By Asbarez | Wednesday, 01 October 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման նախարար Լորան Ֆապիւս Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին անդրադարձած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակումին՝ խստօրէն դատապարտելով կատարուածը:
«Կը դատապարտեմ հայ համայնքին համար մեծ խորհուրդ ունեցող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ քանդումը: Ֆրանսան կ՛ողջունէ սրբավայրերու նկատմամբ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի համար պայքարելու բոլոր հոգեւոր առաջնորդներու յանձնառութիւնը», ըսած է նախարարը, ըստ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան:
Լորան Ֆապիւս նաեւ շեշտած է, որ սուրիական եւ իրաքեան մշակութային ժառանգութիւնները սպառնալիքի տակ են: «Մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութեան թերացումը պատերազմի յանցագործութիւն է, որուն պատասխանատուները պիտի պատժուին Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ: ՄԱԿի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան հետ միասին, Ֆրանսան մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մասին համաձայնագիրները յարգելու կոչ կ՛ընէ», աւելցուցած է նախարարը:
Նշենք, որ ինքզինք «Իսլամական պետութիւն» կոչող ծայրայեղական խմբաւորումը Սեպտեմբեր 21ի առաւօտեան պայթեցուց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, որ նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Հոն ամփոփուած էին Մեծ Եղեռնի բազմաթիւ նահատակներու մասունքները։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ