Էրտողան առաջնահերթութիւն կը նկատէ Ասատի կառավարութեան տապալումը

By Asbarez | Thursday, 02 October 2014

 

ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Մինչ Թուրքիոյ սահմանակից Քոպանի (Այն Արապ) քաղաքը պաշարած իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն եւ քրտական ուժերուն միջեւ մարտերը կը շարուանկուէին, Քրտական ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլեմ զգուշացուց, որ եթէ պաշարուած քաղաքը պաշտպանող քիւրտ զինեալներուն զէնք չհասնի, ապա քաղաքը կրնայ գրաւուիլ ու հոն վստահաբար ջարդ տեղի պիտի ունենայ:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ խորհրդարանը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին սկսաւ քննելու իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ կռուելու զինուորական ուժերուն արտօնութիւն շնորհող բանաձեւը:


Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան խորհրդարանին առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարեց. «(Սուրիոյ նախագահ Պաշշար) Ասատի կառավարութեան տապալումն ու Սուրիոյ հողամասերուն միասնութիւնը Թուրքիոյ համար առաջնահերթութիւն պիտի մնան: Նաեւ, աշխատանք պիտի տանինք սուրիացի 1.5 միլիոն գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու»։

Ակնարկելով բանաձեւին՝ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու ըսաւ. «Կը թուի, որ այս դիմումը պատրաստուած է ո՛չ թէ «Իսլամական պետութեան» դէմ, այլ այն մասին, թէ ինչպէ՞ս պիտի պայքարինք Սուրիոյ պաշտօնական իշխանութիւններուն դէմ։ Այս պատճառով, մենք «ո՛»չ պիտի ըսենք անոր։ «Իսլամական պետութեան» դէմ նախ մեր երկրին մէջ պայքար պէտք է մղենք»։

Աւելի ուշ, պատասխանելով Սիւլէյման Շահի դամբարանին պաշարուած ըլլալուն կապակցութեամբ լրագրողներու հարցումներուն,՝ Էրտողան ըսաւ, որ այդպիսի բան չկայ եւ լուրը յերիւրածոյ է։

Ապահովական աղբիւրներ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»ին յայտնած են, որ Թուրքիա կը ծրագրէ Սուրիոյ մէջ, իր սահմանին մօտերը ստեղծել ապահովական գօտի մը, որ պիտի ըլլայ Սուրիական ազատ բանակի ու թուրք զինուորներու հսկողութեան տակ: Աղբիւրները նշած են, որ Անգարա պիտի նախընտրէր, որ այդ գօտին հաստատուի ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերուն կողմէ, սակայն թրքական բանակը կը պատրաստուի զայն հաստատելու նոյնիսկ առանց օտար ուժերու մասնակցութեան:

Ապահովական գօտին պիտի չներառէ հիւսիսային Սուրիոյ այն շրջանները, որոնք կը գտնուին Քրտական ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան կամ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան վերահսկողութեան տակ, որպէսզի թրքական զօրքերը անոնց հետ բախում չունենան:

 


comments

Advertisement