Յունաստան նոր թափով պիտի համագործակցի Հայաստանի հետ

By Asbarez | Friday, 03 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի եւ Յունաստանի տնտեսական յարաբերութիւնները կը զիջին քաղաքական յարաբերութիւններուն, եւ երկու պետութիւններուն համար կարեւոր է զանոնք հասցնել նոյն մակարդակին: 30 Սեպտեմբերին այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ Հայ- յունական գործարար համաժողովին ընթացքին՝ կարեւոր նկատելով Յունաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը: Հայաստանի նախագահը յոյն գործարարներուն ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ կատարուող օրէնսդրական եւ կառուցուածքային այն փոփոխութիւնները, որոնք յարմարաւէտ միջավայր կը ստեղծեն օտար ներդրողներուն համար: «Տնտեսական համագործակցութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներից մէկը վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումն է, ինչը մեր երկու ժողովուրդների պարագայում հնագոյն արմատներ ունի: Դարեր շարունակ ապրելով կողք կողքի՝ մեր ժողովուրդները ձեռք են բերել բազում ընդհանրութիւններ, ինչն էլ նպաստում է մեր միջեւ յարաբերութիւնների խորացմանը: Գործարար համաժողովը լաւ առիթ է նոր շուկաների բացայայտման համար: Հայաստանում շարունակւում են օրէնսդրական փոփոխութիւնները, որոնք յարմար պայմաններ եւ ներդրումային լաւ միջավայր են ստեղծում ներդրողների համար: Խոշոր ներդրումների դէպքում մենք պատրաստ ենք ցուցաբերել նաեւ անհատական մօտեցում՝ կիրառելով յատուկ արտօնութիւններ այդ ընկերութիւններն ազատելով նաեւ շահութահարկից», յայտնած է նախագահը: Սերժ Սարգսեան յիշեցուցած է, որ Հայաստան կը պատրաստուի անդամակցելու Եւրասիոյ տնտեսական միութեան՝ շեշտելով, որ ատիկա լաւ կարելիութիւն է ներդրողներուն համար՝ նոր շուկաներու մէջ ներգրաւուելու:


Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասիր իր կարգին վստահեցուցած է հայ գործարարներուն, որ Յունաստան յաղթահարած է տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքները եւ պատրաստ է նոր թափով համագործակցելու Հայաստանի հետ: «Մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները միշտ եղած են սերտ եւ բարեկամական: Յոյները եւ հայերը ունին ընդհանուր արժէքներ եւ աւանդոյթներ: Յարաբերութիւններու ամրապնդման մեծապէս կը նպաստեն նաեւ մեր գաղութներու առկայութիւնը զոյգ երկիրներուն մէջ: Հայաստանի եւ Յունաստանի համար ասիկա յաւելեալ քայլ մըն է բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր յարաբերութիւններու խորացման համար», հաստատած է Յունաստանի նախագահը: Ան նշած է, որ Յունաստանի վարկանիշի արագ բարելաւումը ներդրումային նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ եւ առաջարկած է հայ գործարարներուն՝ օգտուելու այդ կարելիութիւններէն: «Մենք տնտեսական ոլորտին մէջ արդէն ունինք կապեր, սակայն ատիկա չէ հասած քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին», աւելցուցած է նախագահ Քարոլոս Փափուլիասիր։


comments