Սթիւ Ճապզի «Մայրը» Ցեղասպանութենէն Վերապրող Մըն Էր

By Asbarez | Thursday, 06 October 2011

 

ՔՈՒՓԵՐԹԻՆՕ, Քալիֆորնիա.- Ամերիկեան «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Mac» համակարգիչներու եւ «iPod»ի ու «iPhone»ի նման արդիական կազմածներու «Էփըլ» ընկերութեան հիմնադիր եւ նախկին ղեկավար Սթիւ Ճապզ, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5ին մահացած է։ 56ամեայ Ճապզ մահացած է ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղէն։

«Էփըլ»ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Այսօր ամբողջ աշխարհը կորսնցուց հանճարեղ եւ հրաշալի մարդ մը։ Անոր հոգին միշտ պիտի ղեկավարէ մեր գործողութիւնները»։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, անդրադառնալով Ճապզի մահուան՝ յայտնեց. «Ան վստահ էր, որ կրնայ աշխարհը փոխել»։

«Մայքրոսոֆ»չի հիմնադիր Պիլ Կէյց, իր կարգին յայտնեց, թէ անոր ազդեցութիւնը «դեռ շատ սերունդներ պիտի զգան», իսկ «Տել» ընկերութեան հիմնադիր Մայքըլ Տել ըսաւ, որ «Ճապզի ժառանգութիւնը պիտի մնայ նաեւ յաջորդ սերունդներու յիշողութեան մէջ»։

Յառաջիկայ Նոյեմբերին լոյս պիտի տեսնէ Ճապզի կենսագրութիւնը՝ «I, Steve: Steve Jobs in His Own Words», որուն հեղինակն է «Սի.Էն.Էն.»ի նախկին գլխաւոր տնօրէն եւ ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթի խմբագիր Ուոլթըր Այզիքսըն։

Սթիւ Ճապզ ծնած է Փետրուար 24, 1955ին։ Անոր կենսաբանական ծնողներն են Ճոանա Սիմսըն եւ Սուրիայէն գաղթական Ապտուլֆաթահ Ճոն Ճանտալի։ Սակայն Ճապզ, իր ծնունդէն միայն մէկ շաբաթ ետք որդեգրուելով՝ հասակ նետած է Փօլ Ճապզի եւ անոր ազգութեամբ հայ կողակից Քլարա Յակոբեանի տան մէջ։ «Իմ ծնողքս անոնք են», կ՛ըսէր Ճապզ։

Քլարա Յակոբեան Միացեալ Նահանգներ գաղթած է Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք՝ Մալաթիայէն։ Քլարայի հայրը՝ Լուիս Յակոբեան, ծնած է Մալաթիա, 1894ին, իսկ մայրը՝ Վիքթորիա Արթինեան՝ Իզմիրէն էր։

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ, «Էփըլ»ի ներկայացուցչութեան մօտ, Հինգշաբթի օր ծաղիկներ եւ մոմեր զետեղուած են՝ ի յիշատակ Սթիւ Ճապզի:

comments