Ուքրանիոյ մէջ դաշնակցային դրութիւն պիտի չհաստատուի. Փորոշենքօ

By Asbarez | Friday, 03 October 2014

 

ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Ուքրանիոյ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ դաշնակցային դրութիւն պիտի չհաստատուի երկիրին մէջ, այլ կը քննուին ապակեդրոնացման եւ յատուկ լիազօրութիւններ տրամադրելու կարելիութիւնները: «Կրնամ վստահեցնել, որ ո՛չ գերիշխանութեան, ո՛չ տարածքային ամբողջականութեան, եւ ոչ ալ անկախութեան հարցերը օրակարգի վրայ են: Ուքրանիան է՛ եւ պիտի մնայ միասնական պետութիւն», ըսած է Փորոշենքօ: Ուքրանիոյ նախագահը նշած է, որ ռուսամէտ Տոնպաս շրջանին մէջ պիտի հաստատուի յատուկ գօտիի դրութիւն՝ նախատեսուած Սեպտեմբեր 16ին որդեգրուած Տոնպասի շրջաններու յատուկ կարգավիճակին մասին օրէնքով:


comments