Շուշիի եւ Պուրկ Լէ Վալանսի միջեւ բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրուած է

By Asbarez | Monday, 06 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան եւ Արցախ ժամանած Ֆրանսայի Պուրկ Լէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէ 5 Հոկտեմբերին ստորագրած են Բարեկամութեան հռչակագիր՝ երկու քաղաքներուն միջեւ:


Քաղաքի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ հռչակագիրին մէջ մասնաւորաբար նշուած է, որ ողջունելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն հետեւողական քայլերը՝ ուղղուած ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութեան ստեղծման ու զարգացման, եւ գիտակցելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին մեկուսացումը չի նպաստեր ժողովուրդներու երկխօսութեան եւ վերջնական խաղաղութեան հաստատման՝ կողմերը որոշած են բարեկամական կապեր հաստատել երկու քաղաքներուն միջեւ:

Հռչակագիրը նպատակ ունի նպաստել երկու քաղաքներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ խթանել համատեղ ծրագիրներու իրականացումը կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան, առեւտուրի եւ տեղական կառավարման ոլորտներուն մէջ:

 


comments

Advertisement