Ֆրանսա կը պատրաստուի Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման

By Asbarez | Monday, 06 October 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 7 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Լորան Ֆապիւսի հետ։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ քննարկուող հարցերուն կարգին պիտի ըլլայ Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը:

«Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Պաքու եւ Երեւան տուած մայիսեան այցելութիւններու ծիրին մէջ առաջարկած է իր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն Փարիզի մէջ հանդիպում կազմակերպել՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նոր ուղիներ գտնելու համար: Ասիկա պիտի ըլլայ նախարարներ Ֆապիւսի եւ Նալբանդեանի հանդիպման քննարկման հիմնական նիւթերէն մէկը», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Վերջին ամիսներուն ընթացքին կայացած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու երկու հանդիպում: Մէկը կազմակերպուած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ 10 Օգոստոսին Սոչիի մէջ, իսկ միւսը՝ Ճան Քերիի առաջարկութեամբ, 4 Սեպտեմբերին Ուելզի մէջ: Նախագահներուն երրորդ հանդիպումը նախատեսուած է Հոկտեմբերի աւարտին, Փարիզի մէջ:

 


comments