Սախարովի անուան մրցանակ՝ Ատրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներուն

By Asbarez | Monday, 06 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Նորվեկիոյ Հելսինքեան կոմիտէն Անտրէյ Սախարովի անուան «Ազատութեան» մրցանակին արժանացուցած է Ատրպէյճանի բանտարկուած քաղաքական գործիչներ, որովհետեւ՝ «անոնք դրսեւորած են մեծ քաջութիւն եւ շատ ջանք թափած են իրենց երկիրին մէջ ժողովրդավարական արժէքները եւ մարդկային իրաւունքները խթանելու համար»:


Մրցանակը տրուած է մասնաւորապէս 4 քաղաքական բանտարկեալներու՝ Լէյլա Եունուսին, Անար Մամատլիին, Ռասուլ Ճաֆարովին եւ Ինթիկամ Ալիեւին։

«Ազատութեան» սոյն մրցանակը հիմնուած է 1980ին, ի պատիւ խորհրդային այլախոհ Անտրէյ Սախարովի։ Մրցանակին նպատակն է նեցուկ կանգնիլ քաղաքական բանտարկեալներուն՝ երաշխաւորելով անոնց իրաւունքներու ապահովումը եւ շահերու պաշտպանութիւնը:

 


comments

Advertisement