Քոպանիի մէջ ջարդի մը առաջքը առնելու կոչ

By Asbarez | Tuesday, 07 October 2014

ԱՆԳԱՐԱ.- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներ Սալահետտին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Եուքսեքտաղի ստորագրութեամբ եւ Հոտեմբեր 7 թուակիր հրատապ կոչ մը կատարուած է միջազգային հանրութեան, հիւսիսային Սուրիոյ Քոպանի քաղաքին մէջ ջարդի մը առաջքը առնելու նպատակով։
Հոն կը շեշտուի, որ գրեթէ մեկուսացուած Քոպանիի ինքնապաշտպանութեան ուժերը եւ բնակչութիւնը կը շարունակեն դէմ դնել «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան զինելաներուն կողմէ 21 օր առաջ սկսած յառաջխաղացքին եւ կը նշուի, որ անոր կառավարումը ստանձնած է քիւրտերէ, ասորիներէ, հայերէ եւ արաբներէ բաղկացած մարմին մը, որ կրնայ ժողովրդավար Սուրիոյ կառավարման օրինակ հանդիսանալ։


Հոն նաեւ կը շեշտուի, որ Թուրքիա կը շարունակէ դեմ դնել Քոպանիին մարտական օժանդակութիւն հասցնելու ջանքերուն, փակ պահելով սահմանը։


comments

Advertisement