ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարը առաջին անգամ ըլլալով այցելած է Հայ Ատրպէյճանական սահման

By Asbarez | Tuesday, 07 October 2014

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժա Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի ընկերակցութեամբ 7 Հոկտեմբերին այցելած է մարտական յենակէտեր, տեղւոյն վրայ ծանօթացած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ մարտական հերթապահութիւն կատարող հայ դիրքապահներու մարտական առօրեային:

Այցելութեան ծիրին մէջ բանակային զօրամիաւորման հրամանատար զօր. Իշխան Մաթեւոսեան սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցած է սահմանագօտիին վրայ տիրող իրավիճակին, հակառակորդին կողմէ զինադադարի դրութեան պարբերաբար խախտումներու եւ հայկական կողմէ ձեռնարկուող կանխարգելիչ գործողութիւններուն վերաբերեալ: Ան նաեւ ներկայացուցած է մարտական աշխատանքներուն ընթացքը։

ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարը ծանօթացած է նաեւ հայ սահմանապահներու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, թիկունքային ապահովման, մարտական ծառայութեան առանձնայատկութիւններուն:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժա անդրադառնալով սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին՝ նշած է, որ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ գոհացուցիչ է եւ իր այցելութեան նպատակն ալ այդ սահմանագիծին վրայ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ համապատասխան զեկոյց կազմելն է:

Ասիկա ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին առաջին այցելութիւնն էր հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտի: Ողջունելով Նիքոլա Պորտիւժայի այս քայլը՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նշած է, որ նմանօրինակ այցելութիւնները կը վերահաստատեն, որ ՀԱՊԿի ղեկավարութիւնը հետաքրքրուած է ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններուն մէջ տիրող իրավիճակով, եւ այսպիսի այցելութիւններու արդիւնքի հիման վրայ է, որ կը ձեւաւորուին ընդհանուր տեսակէտներ՝ իրավիճակէն բխող հնարաւոր քայլերը եւ անոնց յաջորդականութիւնը որոշելու առումով:

 


comments