Քիւրտ զինեալները ետ կը մղեն Քոպանիի վրայ յարձակումը

By Asbarez | Thursday, 09 October 2014

«Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան դրօշակը Քոպանիի արեւելեան բլուրին վրայ Քիւրտ ցուցարարներ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7ին հաղորդեց, որ քիւրտ զինեալներուն եւ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան զինեալներուն միջեւ բախումները շարունակուած են եւ կարելի եղած է քաղաքին արեւելքը գտնուող ռազմավարական բլուրէ մը դէպի արեւմուտք եւ հարաւ յառաջանալու ծայրայեղականներու փորձը կասեցնել:


«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ միջազգային դաշինքի ռազմական օդանաւերը ծայրայեղական զինեալներուն դիրքերը ռմբակոծելով ստիպած են անոնց, որ առնուազն ժամանակաւորապէս Քոպանիէն քանի մը քիլոմեթր դէպի արեւելք նահանջեն:

Ըստ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին տուեալներուն, երեք շաբաթ առաջ սկսած բախումներուն ընթացքին ցարդ սպաննուած են 412 զինեալներ եւ քաղաքայիններ։

Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Քոպանին կը գտնուի «Իսլամական պետութեան» ձեռքը ինալու եզրին, կոչ ընելով ցամաքային գործողութեան մը ընտրանքը քննել, դէմ դնելու համար ծայրայեղականներուն։ Միաժամանակ, Էրտողան ըսաւ, որ Թուրքիա նոյնքան դէմ է «Իսլամական պետութեան», որքան Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան:

Միւս կողմէ, թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալիհ Մուսլիմ Հոկտեմբեր 4ին երկարատեւ հանդիպում մը ունեցած է Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի պաշտօնատարներուն հետ: Ըստ հանդիպումին քաջածանօթ աղբիւրներուն, քիւրտ ղեկավարին կոչ ուղղուած է «սուրիական վարչակարգին դէմ հրապարակային կեցուածք որդեգրելու» եւ միանալու Սուրիական ազատ բանակին: Թուրք պաշտօնատարները նշած են, որ սուրիական ընդդիմութիւնը յառաջիկայ հանգրուանին վերակազմաւորման պիտի ենթարկուի եւ քրտական կուսակցութեան կոչ ուղղած են մաս կազմելու ընդդիմութեան: Աղբիւրները աւելցուցած են, որ թուրք պաշտօնատարները անգամ մը եւս պահանջած են, որ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ իր կապերը խզէ:

Մինչ Մուսլիմ կը շարունակէ քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերուն համար արեւմտեան երկիրներէ զէնք-զինամթերք ստանալու ջանքերը, ան Անգարայէն խնդրած է չարգելակել զէնքերու մատակարարումը: Եւրոպական երկիրներ եւ Միացեալ Նահանգներ մերժած են անոր խնդրանքը:

Նկատի ունենալով, որ Գամիշլիի հետ Քոպանիի աշխարհագրական կապը կտրուած է, թրքական սահմանը քաղաքին աջակցութիւն հասցնելու միակ ճամբան է:

Մուսլիմ նաեւ Անգարայէն պահանջած է արգելք չհանդիսանալ, որ շրջանէն այլ քիւրտեր Սուրիոյ քիւրտերու օգնութեան գան, ինչպէս նաեւ արտօնել, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը Թուրքիոյ ճամբով Քոպանիին օժանդակութիւն ուղարկէ:

Մուսլիմ Թուրքիա իր կատարած կարճատեւ այցելութենէն ետք քրտական «Հաուար» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Այն, ինչ Այն Արապի (Քոպանի) մէջ տեղի կ՛ունենայ քիւրտերուն դէմ դաւ մըն է»։ Ան դատապարտեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ նստացոյց կատարողներուն դէմ թրքական ապահովական ուժերուն յարձակումները:

«Հաուար» կը նշէ, որ թրքական իշխանութիւնները Մուսլիմէն պահանջած են, որ քիւրտերը նաեւ հրաժարին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութենէն:
Յայտնենք, թէ Հոկտեբեր 7ին եւս Սուրիոյ սահմանին վրայ քիւրտերը ցոյցեր կատարած են, որոնցմէ ետք թրքական իշխանութիւնները վեց շրջաններու մէջ գիշերուընէ մինչեւ առաւօտեան ժամը 8 կրակմարի դրութիւն յայտարարած են: «Արապիա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ Սուրիոյ քիւրտերուն աջակցութեան ցոյցերուն ընթացքին զոհ մը արձանագրուած է:

Իր կարգին, «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Սուրիոյ սահմանակից Ուրֆայի շրջանի երեք գիւղերու բնակչութիւնը հեռացուցած են:

 


comments