Քոպանիի մէջ բախումները եւ օդային յարձակումները կը շարունակուին

By Asbarez | Wednesday, 08 October 2014

 

ՍՈՒՐՈՒՉ, Ուրֆա, «Պի.Պի.Սի.».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8ին, Քոպանիի (Այն Արապ) մօտ բուռն բախումները շարունակուեցան՝ կեդրոնանալով յատկապէս անոր արեւելեան արուարձաններուն մէջ: Քրտական աղբիւրներ կը հաստատեն, թէ մէկ օր առաջ «Իսլամական պետութիւն» կոչուղ կազմակերպութեան զինեալները յաջողած էին մուտք գործել քաղաք, սակայն դաշնակից ուժերու օդանաւերուն կողմէ անոնց դիրքերուն վրայ կատարուած յարձակումներէն ետք՝ անոնք նահանջած են։
Օդային ռմբակոծումները Չորեքշաբթի օր եւս շարունակուած են:


Լոնտոն հաստատուած Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը կը հաղորդէ, որ միջազգային դաշինքի օդային հարուածներէն ետք, ծայրայեղական զինեալները Երեքշաբթի գիշեր հեռացած են Քոպանիի մէջ իրենց գրաւած վայրերէն:

Քաղաքական գետնի վրայ, «Նիւ Եորք Թայմզ»ը Չորեքշաբթի օր գրած է, որ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին գծով Անգարայի դիրքը սրած է Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները, իսկ Փենթակոնէն աղբիւրներ հաստատած են, որ Սպիտակ տունը ճնշում կը բանեցնէ Անգարայի վրայ, որպէսզի Թուրքիա անմիջական օժանդակութիւն տրամադրէ Քոպանիի քիւրտերուն, սակայն ընդունած է, որ այս գծով վերջնական որոշումը Թուրքիոյ կառավարութիւնը պիտի տայ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը պնդէ, թէ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններուն պիտի մասնակցի միայն այն պայմանով, որ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը ստեղծուի:

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն միջնորդներու ճամբով կապի մէջ է Քոպանիի մէջ ծայրայեղականներու յառաջխաղացքին դէմ դնող քրտական Ժողովրդային միութիւն կուսակցութեան հետ:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի կողմէ դրուած այլ պայմանի մը, թէ՝ Անգարա միջազգային դաշինքին պիտի միանայ, եթէ անոր թիրախը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը ըլլայ՝ Փսաքի յայտարարեց. «Մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած: Մեր կեդրոնացումը «Իսլամական պետութեան» վրայ է: Մենք անշուշտ պիտի շարունակենք աջակցիլ սուրիական ընդդիմութեան, սակայն այս առումով որեւէ նորութիւն չունինք»:

Նաեւ, մինչ հոլանտական ռազմական օդանաւեր Երեքշաբթի օր սկսած են Իրաքի մէջ գտնուող իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերուն վրայ յարձակումներուն մասնակցելու, Քանատայի խորհրդարանը Չորեքշաբթի օր արտօնութիւն տուաւ, որ երկիրին օդուժը մասնակցի «Իսլամական պետութեան» դէմ ռազմական գործողութիւններուն:

 


comments

Advertisement