Թուրքիոյ մէջ 14 զոհ կ՛արձանագրուի Քոպանիի գծով ցոյցերուն ընթացքին

By Asbarez | Wednesday, 08 October 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Պի.Պի.Սի.».- Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ տարածքին, Քոպանիի քիւրտերու աջակցութեան եւ Անգարայի ցուցաբերած անտարբերութեան դէմ կազմակերպուած ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած է 14 զոհ: Կան նաեւ բազմաթիւ վիրաւորներ։


Պոլսոյ, Անգարայի, Ատանայի, Արդուինի, Հաքքարի, Տիգրանակերտի, Սասնոյ, Տերսիմի, Մուշի, Էրզրումի, Վանի եւ Վարդոյի մէջ Հոկտեմբեր 7ին եւ 8ին արիւնալի բախումներ կայացած են քիւրտ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ:

Քիւրտ ցուցարարները կը բողքեն հիւսիսային Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանամերձ Քոպանի քրտական քաղաքին վրայ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան (ISIS) կողմէ շղթայազերծուած յարձակումին դէմ: Թրքական բանակի սահմանապահ ուժեր արգելք կը հանդիսանան, որ պաշարուած Քոպանին պաշտպանող քիւրտ մարտիկներուն օգնութիւն տրամադրուի թրքական սահմանէն:

Ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ գործածած է արցունքաբեր կազեր, իսկ կարգ մը բախումներու ընթացքին օգրագործուած է նաեւ հրազէն: Բախումներ տեղի ունեցած են ոչ միայն ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ, այլ նաեւ Քոպանիի համար բողոքի դուրս եկած քիւրտերու եւ թուրք ազգայնամոլ խումբերու միջեւ:

Էրզրումի մէջ խումբ մը ազգայնամոլներ՝ զինուած խոհանոցային դանակներով, յարձակած են ցուցարարներու վրայ, վիրաւորելով անոնցմէ շատերը:

Վանի մէջ, ցուցարարները հրկիզած են Աթաթիւրքի մէկ արձանը:

Թրքական իշխանութիւնները վեց նահանգներու մէջ կրակմարի դրութիւն հաստատած են: Քիւրտերը ցոցեր կատարած են նաեւ Եւրոխորհրդարանին առջեւ եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ։

 


comments

Advertisement