Օճալան Անգարային մինչեւ Հոկտեմբեր 15 ժամանակ կու տայ

By Asbarez | Wednesday, 08 October 2014

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալան (Ափօ) դժգոհութիւն յայտնած է քրտական հարցի կարգաւորում կոչուող գործընթացին նկատմամաբ:


Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» լրատուամիջոցին, Ապտուլլահ Օճալանի հետ տեսակցած անոր եղբայրը՝ Մեհմետ Օճալան, լրագրողներուն յայտնած է, որ բանտարկեալ ղեկավարը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մինչեւ Հոկտեմբեր 15 պայմանաժամ տուած է, յատկանշական քայլեր առնելու համար՝ գործընթացը առաջ մղելու նպատակով:

Ակնարկելով Իրաքն ու Սուրիան ահաբեկած «Իսլամական պետութիւն» զինեալ խմբաւորման, Օճալան շեշտած է, թէ անոնց դէմ քիւրտերու պայքարը պիտի շարունակուի «մինչեւ վերջ» ու ազդարարած է, թէ ծայրայեղականներէն ամենամեծ վնասը պիտի կրեն անոնք, որոնք աջակցած են «Իսլամական պետութեան»:

 


comments

Advertisement