Էջմիածինի քոյր քաղաքներու ներկայացուցիչները այցելեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

By Asbarez | Wednesday, 08 October 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– 8 Հոկտեմբերին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Մայր աթոռի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեան ընդունեց Էջմիածին քաղաքի տօնի առիթով Հայաստան ժամանած Էջմիածինի քոյր քաղաքներ Փետրոզաւոտսքի (Ռուսիա), Ֆրեզնոյի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իսի-լէ-Մուլինոյի (Ֆրանսա) ներկայացուցիչները՝ ընկերակցութեամբ Էջմիածինի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեանի:

Ողջունելով հիւրերուն Հայաստան այցելութիւնը եւ անոնց մասնակցութիւնը քաղաքի 2699ամեակին առիթով կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն՝ Արշակ սրբազանը Էջմիածինի քոյր քաղաքներու ներկայացուցիչներուն փոխանցեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները:
Մայր աթոռի դիւանապետը ուրախութեամբ հաստատեց, որ Էջմիածինի տօնը արդէն իսկ բարի աւանդութիւն դարձած է եւ այդ առիթով շնորհաւորեց ներկաները՝ կարեւոր նկատելով քոյր քաղաքներու միջեւ սերտացող կապերն ու գործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ քաղաքային իշխանութիւններուն եւ Մայր աթոռին միջեւ առկայ ջերմ փոխյարաբերութիւններուն:

Հանդիպման ընթացքին խօսուեցան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով քոյր քաղաքներուն կողմէ ծրագրուող միացեալ նախաձեռնութիւններուն մասին:


comments

Advertisement