Համացանցի վրայ Ցեղասպանութեան ճանաչման նոր արշաւ՝ #2015RTAG

By Asbarez | Wednesday, 08 October 2014

 

Վալերի Պուայէ

Համացանցի վրայ սկիզբ առած է նոր նախաձեռնութիւն մը, որուն նպատակն է համաշխարհային առումով ճանաչելի դարձնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Նախաձեռնութեան կը մասնակցին տարբեր երկիրներու եւ տարբեր ազգութիւններու պատկանող անձեր, որոնք կը լուսանկարուին «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide» գրութիւններով եւ իրենց լուսանկարները կը տեղադրեն համացանցի վրայ:

#2015RTAGն արդէն իսկ կը գործէ Twitter-ի եւ Facebook-ի վրայ:

Արշաւի մասնակիցներէն մէկն է Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պուայէն:

Նշենք, որ Վալերի Պուայէն Ֆրանսայի խորհրդարանին ներկայացուցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը:

 


comments