Նալբանդեան եւ Ֆապիւս քննած են Արցախի տագնապը լուծելու հոլովոյթը

By Asbarez | Wednesday, 08 October 2014

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7ին, աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ այցելած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Լորան Ֆապիւսի հետ:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները քննած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հոլովոյթը:

Նալբանդեան, բարձր գնահատելով Ֆրանսայի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ միւս երկիրներուն՝ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու, կառուցողական ներգրաւուածութիւնը՝ տագնապը լուծելու ջանքերուն մէջ, կարեւոր նկատած է անոնց միասնական ջանքերը՝ հիմնախնդիրին բացառապէս խաղաղ կարգաւորում գտնելու համար:

Նալբանդեան ու Ֆապիւս անդրադարձած են նաեւ Հոկտեմբերի վերջաւերութեան, Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ, Փարիզի մէջ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Նալբանդեան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ համատեղ աշխատանքը, նպատակ ունենալով հիմնախնդիրի հանգուցալուծումը:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները նաեւ գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը այլ հրատապ հարցեր:

 


comments