Եթէ Թուրքիա իր դիրքը չփոխէ, ապա Սուրիոյ եւ Իրաքի տագնապը իրեն պիտի հասնի. Իրան

By Asbarez | Thursday, 09 October 2014

ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Իրանի յեղափոխական պահակագունդին մէջ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի աւագ խորհրդական զօր. Ետուլլա Ժուանի յայտնեց, որ եթէ Թուրքիա իր վարմունքը չփոխէ, ապա Սուրիոյ եւ Իրաքի ներկայ տագնապը իրեն պիտի հասնի՝ զգուշացնելով, որ Թուրքիոյ ղեկավարները ամերիկեան ցուցադրական շարժումներէն պէտք չէ խաբուին:

Ժուանի յայտնեց, որ Թուրքիոյ քայլերը շրջանին եւ աշխարհին մէջ կայունութեան ապահովման չեն նպաստեր եւ կրնան իր իսկ ներքին ապահովութեան վտանգ ըլլալ:

Ժուանի աւելցուց, որ փաստաթուղթերը կը հաստատեն, թէ Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» մեծագոյն աջակիցը Թուրքիան է: Ան ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիա, նոր կառավարութիւն մը կազմելով հանդերձ, իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան չենթարկեց:


comments

Advertisement