Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավարը Հայաստան կ՛այցելէ

By Asbarez | Thursday, 09 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 9 Հոկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, Եւրոմիութիւն– Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլենի Թէոխարուսը:

Ողջունելով հիւրը՝ Սարգսեան ընդգծած է, որ նման հանդիպումներ լաւ առիթ են քննարկելու Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարը, անդրադառնալու նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն:

Հայաստանի նախագահը բարձր գնահատած է Եւրամիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի գործունէութիւնը՝ ուղղուած Հայաստանի եւ ԵՄ միջեւ յարաբերութիւններու խորացման, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանը յուզող հարցերու բարձրացման:

Էլենի Թէոխարուսը վստահեցուցած է, որ Եւրամիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբը պիտի շարունակէ աշխոյժ աշխատանքը՝ ի նպաստ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի բարօրութեան:

 


comments

Advertisement