ِԱմերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ծայրայեղականներուն նպաստելու Թուրքիոյ քայլերը դատապարտելու կոչ կ՛ընէ Օպամային

By Asbarez | Thursday, 09 October 2014

 

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ պատասխանատուութեան կանչէ սուրիական ճգնաժամը շահագործող Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ շեշտելով, որ այլեւս բացայայտ իրականութիւն է, որ Թուրքիա ուղղակի եւ անուղղակի կերպով կ՛աջակցի ինքզինք «Իսլամական պետութիւն» կոչող ահաբեկչական կազմակերպութեան:

Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ, որ նման քայլերով, Թուրքիա կը շարունակէ իր հարիւրամեայ ցեղասպան քաղաքականութիւնը, որուն նպատակն է ոչնչացնել իր երկիրին մէջ կամ երկիրի սահմաններուն մօտ բնակող քիւրտերը, հայերը, արաբները, ասորիները, ալաուիները եւ այլ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ:
Սպիտակ տուն յղուած՝ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8 թուակիր նամակին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան յորդորած է նախագահ Օպաման, որ շարունակէ «Իսլամական պետութեան» դէմ զինուորական գործողութիւնները՝ միաժամանակ շեշտելով, որ միջազգային համայնքը այդքանով պէտք չէ բաւարարուի, այլ պէտք է նաեւ յստակօրէն դէմ կանգնի Թուրքիոյ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ահաբեկիչները կը շահագործէ իբրեւ իր նոր-օսմանական քաղաքականութիւնը իրականացնելու նպատակով պայքարող զինուորներ, որոնք նաեւ փոքրամասնութիւնները ոչնչացնելու եւ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնն ու սահմանները ընդարձակելու նպատակներուն կը ծառայեն:

Խաչիկեան կը շեշտէ, թէ Ուաշինկթընի դաշնակից յորջորջուող Թուրքիոյ այս քայլերը վնաս կը հասցնեն Միացեալ Նահանգներուն եւ կ՛ոտնակոխեն ամերիկացիներու սկզբունքները:

Ցաւ յայտնելէ ետք, որ Թուրքիոյ նշեալ քաղաքականութեան մասին իրականութիւնը հաստատելէ ետք՝ փոխնախագահ Ճօ Պայտընի պարտադրուած էր ներողութիւն խնդրել Թուրքիայէն՝ Խաչիկեան կը գրէ. «Պարո՛ն նախագահ, մենք պէտք չունինք Թուրքիոյ համար սուտեր խօսելու. պարտաւոր չենք կրաւորական կերպով ընդունելու անոր թափանցիկօրէն սուտ ժխտումները՝ Քոպանիի, Տէր Զօրի, Հալէպի, Քեսապի եւ հիւսիսային Սուրիոյ իրադարձութեանց մասին։ Անգարայի աճող բռնութեանց դէմ աչք գոցելու փոխարէն, պէտք է պահանջենք, որ Թուրքիա անմիջապէս կասեցնէ «Իսլամական պետութեան» տրամադրուող իր աջակցութիւնը, վերջ տայ Սուրիոյ հարցերուն իր միջամտութեանց ու առանց նախապայմաններու բանայ իր սահմանը»։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս նպատակով նախաձեռնած է ժողովրդային արշաւի մը, որուն մասնակցելու համար, այցելել www.anca.org/savekobane կայքէջը։

 


comments

Advertisement