Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը 27 Հոկտեմբերին պիտի տեսակցին Փարիզի մէջ

By Asbarez | Thursday, 09 October 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենօն 9 Հոկտեմբերին յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, 27 Հոկտեմբերին, ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ: Դեսպանը նաեւ աւելցուցած է, որ Ֆրանսան պիտի ձգտի Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:


«Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ առաջարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը կայացնել Փարիզի մէջ, որպէսզի, մէկ կողմէ, պատկերացում կազմուի այն գործօններուն մասին, որոնք վստահութիւն կը ներշնչեն, կը նպաստեն, որպէսզի քաղաքացիներ եւ զինուորականներ չմահանան: Միւս կողմէ՝ հիմնուելով 3 հիմնական սկզբունքներուն վրայ՝ տարածքային ամբողջականութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի եւ ուժի օգտագործման բացառման, բանակցութիւններուն նոր խթան հաղորդուի», «Նովոստի Արմէնիա» գործակալութեան փոխանցմամբ յայտնած է Հանրի Ռենօն:

Դեսպանին համաձայն՝ Փարիզի մէջ կայանալիք հանդիպման ներկայ պիտի ըլլան նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի երեք համանախագահները. «Կողմերը իրենք պէտք է որոշեն, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ համաձայնագիրը: Միջնորդները կ՛օգնեն անոնց, բայց չեն կրնան անոնց փոխարէն որոշում տալ։ Այդ է միջնորդութեան դերը»:

comments