ِԱմերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը խորհրդակցի Մենենտեզի եւ Ռոյսի հետ Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով

By Asbarez | Friday, 10 October 2014

Հայ Դատի ներկայացուցիչները Մենենտեզի(կեդրոնը)հետ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները այս շաբթուան ընթացքին խորհրդակցութիւններ ունեցած են Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբերու ատենապետներ Ռապըրթ Մենենտեզի եւ Էտ Ռոյսի հետ, քննելու համար Սուրիոյ եւ Իրաքի հայութեան մտահոգիչ կացութիւնը՝ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան յառաջխաղացքին, Թուրքիա-Ամերիկա լարուած յարաբերութեանց ու Միջին Արեւելքի տարածքին տիրող անկայուն իրավիճակի լոյսին տակ։


Մենենտեզի եւ Ռոյսի հետ կայացած անջատ հանդիպումներուն ընթացքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչները խօսած են մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի հայութեան եւ ընդհանրապէս փոքրամասնութեանց դիմագրաւած դժուարութեանց մասին, ինչպէս նաեւ շեշտած են Սպիտակ տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչումը ապահովելու կարեւորութիւնը՝ հարիւրամեակի նախօրեակին Ուաշինկթընը հեռացնելով Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան մեղսակից մը ըլլալու աննախանձելի վիճակէն։ Շեշտուած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած եկեղեցիներու վերադարձը ապահովեու, Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու կարեւորութիւնը։

Հայ դատի ներկայացուցիչները Ռոյսի (կեդրոնը) գրասենեակին մէջ

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ատենապետներ Մենենտեզի ու Ռոյսի, որոնք իրենց գաղափարները բաժնեցին մեզի հետ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով մեզի հետ գործակցելու, սկզբունքային եւ գործնական լուծումներ գտնելու համար այս հարցերուն։ Նկատի ունենալով, որ այս օրերուն հայութիւնը կանգնած է շարք մը մարտահրաւէրներու առջեւ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ հայութեան նկատմամբ Սպիտակ տան որդեգրած քաղաքականութեան մէջ յատկանշական բարեփոխութիւններ հարկաւոր են, Քոնկրեսին մէջ մեր բարեկամներուն հետ նման խորհրդակցութիւններ աւելի արժէքաւոր կը դառնան», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեան։

 


comments