By Asbarez | Tuesday, 14 October 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մալաթիոյ մէջ տեղի ունեցած «Մալաթիան՝ Մալաթիոյ հայերու աչքերով» խորհրդաժողովին ընթացքին, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ, Մալաթիայէն պատգամաւոր Օզնուր Չելիք «1915 թուականի դէպքերուն» կապակցութեամբ ցաւակցած է հայերուն:
Ըստ «Հապերլեր»ի՝ վերյիշելէ ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ցաւակցական ուղերձը՝ Չելիք ըսած է. ««Նոր Թուրքիա»ն կառուցելու ճամբուն վրայ անհնար պիտի ըլլայ շրջանցել 1915 թուականի դէպքերը: Ինչպէս նախագահը, մենք եւս կը ցաւակցինք զոհուածներու թոռներուն: Ծնունդով մալաթիացի Հրանդ Տինքի հոգին թող լուսաւոր ըլլայ: Բոլորս պէտք է իրարու նկատմամբ հանդուրժող ըլլանք: Անկախ ազգութենէ, բոլորս պէտք է եղբայրութեան սերմեր ցանենք: Մենք միասին դարձանք Թուրքիա: Յոյսով եմ, որ «Նոր Թուրքիա»ն կը կառուցենք միասին՝ իրարու լաւ հասկնալով, նախկին մեր ցաւերը համատեղելով եւ ցաւերը իրարու հետ մրցակցութեան չդնելով: Մեր տարբերութիւնները մեր հարստութիւնն են»:
Միւս կողմէ, «Ակունք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործող նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մօտ Թուրքիոյ դեսպաններուն եւ հիւպատոսներուն՝ անդրադառնալով նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ «հայկական կողմի գործողութիւններուն» եւ խնդրելով աջակցութիւն ցուցաբերել Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ սկսած «Թուրքիոյ դէմ քարոզչական արշաւին» դէմ դնելու ջանքերուն:
Չաւուշօղլու նշած է, որ Հայաստանի հանրապետութեան ու Սփիւռքի ջանքերով, Թուրքիոյ պատմութիւնը «բառացիօրէն իբրեւ սատանայական պատմութիւն» կը ներկայացուի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ