Պայտընի քայլերը զարմացուցած են Իրաքի վարչապետը

By Asbarez | Wednesday, 15 October 2014

 

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի զարմանք յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճոզէֆ Պայտըն ներում կը հայցէ այն երկիրներէն, զորս նախապէս ամբաստանած էր «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան աջակցելու յանցանքով: Ան յայտնեց. «Գրգռիչներէն շատերը կը գտնուին Սէուտական Արաբիոյ ու Ծոցի կարգ մը երկիրներուն մէջ»:
Ապատի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Պայտըն անկեղծ կերպով խօսեցաւ, եւ ես չեմ հասկնար, թէ ինչու՛ ներում կը հայցէ: Անոր խօսքը յստակ է. ան ըսաւ, որ ունի տեղեկութիւններ, ըստ որոնց՝ «Իսլամական պետութիւն»ը Ծոցի երկիրներէն եւ Թուրքիայէն աջակցութիւն ստացած է: Այս մէկը գաղտնիք մը չէ: Անոնք կ՛ուզէին այսպէս կոչուած «սուրիական ընդդիմութեան» աջակցիլ, սակայն պէտք է գիտնային, որ սուրիական ընդդիմութեան մէջ ամէնէն հզօր կողմերը ահաբեկիչներն են»:


comments