Շուէտ եւս պիտի ճանչնայ Պաղեստինը

By Asbarez | Wednesday, 15 October 2014

 

ՍԹՈՔՀՈԼՄ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Շուէտի առաջին ձախ-կեդրոն կառավարութիւնը անակնկալօրէն յայտարարած է նախաձեռնութեան մը մասին, որ այս դաշինքին նախընտրական ծրագիրին մէջ չկար: Արդարեւ, կառավարութիւնը նշած է, որ Շուէտ պիտի ճանչնայ Պաղեստինը՝ դառնալով նման ճանաչում մը շնորհած Եւրոպական Միութեան առաջին երկիրը՝ արեւմտեան Եւրոպայէն:


Առաջին անգամ ըլլալով է որ Շուէտի մէջ ընկերվար ժողովրդավարները Կանաչներ կուսակութեան հետ կը համագործակցին:

Մինչ Պաղեստինեան իշխանութիւնը դրուատած է Շուէտի որոշումը, Ուաշինկթըն «կանխահաս» որակած է զայն։ Իր կարգին, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկօ Վալսթրոմ ըսած է, որ Սթոքհոլմի արտաքին քաղաքականութիւնը կախեալ չէ Միացեալ Նահանգներէն։

Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան անդամ Պուլկարիան, Կիպրոսը, Չեխիան, Հունգարիան, Մալթան, Լեհաստանը եւ Ռումանիան եւս ճանաչում շնորհած են Պաղեստինին։


comments