Ասատ Սուրիոյ լուծումին մաս չի կրնար կազմել. Ֆայսալ

By Asbarez | Wednesday, 15 October 2014

 

ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Սուրիական վարչակարգը չբաւարարուեցաւ ժողովուրդը ճնշելու համար իր հողերը օտարներուն առջեւ բանալով, այլ երկիրը վերածեց ահաբեկչութեան օրրանի: Մենք համաձայն ենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար Սուրիոյ ապագային մէջ դեր ունենալ, ոչ ալ լուծումին մաս կազմել, որովհետեւ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է, եւ մենք «Ժընեւ 1»ի մէջ նշուած փոխանցման կառավարութեան մը գաղափարին կողքին ենք»:
Ֆայսալ նաեւ եմէնցիներուն կոչ ուղղեց, որ զէնքի փոխարէն բանականութեան դիմելու եւ իրենց երկրի շահերը հատուածական շահերէն գերիվեր նկատելու, որպէսզի օտար կողմերու շահերուն չծառայեն:


comments

Advertisement