By Asbarez | Wednesday, 15 October 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– 15 Հոկտեմբերին ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում ՀՅԴ ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի մօտ Վրաստանի դեսպան Թենկիզ Շարմանաշվիլիի միջեւ: Հիւրընկալող կողմէն հանդիպման ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Վրաստանի Հանրապետութիւններու փոխյարաբերութիւններուն, երկու երկիրներու ընդհանուր շահերուն ու մտահոգութիւններուն: Միասնական տեսակէտ արտայայտուած է այն մասին, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու շրջագիծի մէջ շատ կարեւոր կը նկատուի եղբայրական երկու ժողովուրդներուն սերտ համագործակցութիւնը: Շեշտուած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ բնական ու անհրաժեշտ համագործակցութիւնը պիտի կարենայ ապագային լայն հորիզոններ բանալ դրացի երկիրներուն համար: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ վրացահայութեան խնդիրներուն, անհրաժեշտ նկատուած է քննարկել եւ միասնաբար լուծումներ գտնել առկայ եւ ծագող հիմնահարցերուն: Կողմերը հաստատած են նման կապեր շարունակական դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ