Նախարար Նալբանդեան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին հետ քննարկած է Հայաստան–ԵՄ յարաբերութիւնները

By Asbarez | Wednesday, 15 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 15 Հոկտեմբերին ընդունած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Մայր ցամաքային Եւրոպայի գլխաւոր բաժանմունքի պետ Էրիք Ֆուրնիէն, որ Հայաստան կ՛այցելէ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ կայացող խորհրդատուութիւններուն մասնակցելու նպատակով:


Ողջունելով հիւրը՝ արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութիւն յայտնած է այն մասին, որ հայ-ֆրանսական երկկողմանի առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է բարձր մակարդակի աշխուժութիւն՝ ընդգծելով, որ անոնք նպաստաւոր դաշտ կը ստեղծեն՝ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բազմաբնոյթ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման համար:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցերու, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ փոխգործակցութեան, միտքեր փոխանակուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներու մասին:

Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները, այդ ձեւաչափով ընթացող համագործակցութիւնը:

Հանդիպման օրակարգին վրայ էին Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ծիրին մէջ փոխգործակցութեան սերտացման հարցերը:

Արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին առնչուող քննարկումներուն ընթացքին նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած է Ֆրանսայի, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ միւս երկիրներուն՝ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միասնական ջանքերը՝ ուղղուած հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման: Այս պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուած է Հոկտեմբերի աւարտին Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ Փարիզի մէջ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն:

 


comments