By Asbarez | Thursday, 16 October 2014

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սպիտակ տան բանբեր Ճաշ Ըռնեսթ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիոյ պատճառած վնասը այժմ աւելի մեծ չէ՞, քան՝ օգուտը, հերքած է այն բանը, որ Սպիտակ տունը Թուրքիոյ հետ տարակարծութիւններ ունի Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչական սպառնալիքը դիմակայելու հարցին մէջ:
Ան յիշեցուցած է, որ Թուրքիան համաձայնած է իր ռազմակայանները տրամադրել սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան զինեալներու մարզումին համար, նաեւ սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օգնութիւն ցոյց կու տայ ու կը մասնակցի իսլամ ծայրայեղականներուն կողմէ մաքսանենգուող քարիւղի վաճառքին դէմ պայքարին:
Մամլոյ քարտուղարը նշած է, որ Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ Անգարայի կողմէ այդ պարտաւորութիւններու կատարումը եւ հաղորդած է, որ Թուրքիոյ մէջ կը գտնուին Փենթակոնի մասնագէտներ:
Սակայն, ամերիկեան «Ֆորէյն Փալըսի» թերթը կը հաղորդէ, որ քուլիսներու ետին, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ ծագած է դիւանագիտական վէճ մը, որուն հիմնական հարցը այն է, թէ Թուրքիա ցարդ արտօնութիւն չէ տուած, որ Ինճիրլիքի ռազմակայանէն պատերազմական օդանաւերու թռիչքներ կատարուին դէպի Սուրիա եւ Իրաք՝ «Իսլամական պետութեան» զինեալները հարուածելու համար:
Ըռնեսթ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին միայն ըսած է, որ նշեալ ռազմակայանի հարցը կը շարունակուի քննուիլ:
Թուրքիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնը արեւմտեան երկիրներուն կողմէ անբաւարար ու լպրծուն կը նկատուի։ «Մարմարա» կը գրէ, թէ հակառակ հարցերը քուլիսներուն ետին պահելու ամերիկեան ջանքերուն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ շատ խիստ խօսած է «Իսլամական պետութեան» դիրքերուն վրայ կատարուած ռմբակոծումներուն մասին՝ ըսելով. «Ի՞նչ է, կը կարծէք, որ միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ այս ռումբերը նետողները խաղաղութեա՞ն համար է որ կը նետեն զանոնք։ Ո՛չ։ Անոնք այս ռումբերը կը նետեն իրենց տիրապետութեան տակ առնելու համար այնտեղի քարիւղի հորերը։ Ապա, անոնք իրենց ծախսածէն շատ աւելին պիտի առնեն»։
Այս յայտարարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի բաւարարուած է ըսելով, որ կատարուած յարձակումներուն նպատակը բաւականաչափ յստակ կերպով բացատրուած է, եւ որ յարձակումները կը կատարուին պարզապէս «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարելու համար՝ մերժելով այդ մասին այլ հարցումներու պատասխանել։
Թրքական լրատու գործակալութիւնները ուշագրաւ կը գտնեն այն պարագան, որ թէ՛ Սպիտակ տունը, թէ՛ ամերիկայի զինուորական իշխանութիւնները եւ թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը խուսափին լրագրողներու կողմէ Թուրքիոյ հետ տարակարծութեանց մասին ուղղուած հարցումներուն յստակօրէն պատասխանելէ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ