ԵԱՀԿ համանախագահները քալելով Ատրպէյճանէն Հայաստան անցած են

By Asbarez | Thursday, 16 October 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կատարած են դիտարկում, որուն ընթացքին հակառակորդին կողմէ կրակոցներ արձակուած են: Կրակոցները արձանագրած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականները: Դիտարկումէն ետք համանախագահները հատած են սահմանը եւ այցելած Հայաստան:

Իջեւանի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները հանդիպում ունեցած են Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանի հետ: Վերջինս համանախագահներուն ներկայացուցած է սահմանամերձ գիւղերուն մէջ առկայ իրավիճակն ու այն խնդիրները, որոնց կ՛ենթարկուի մարզը ատրպէյճանական կողմէ արձակուած կրակոցներուն իբրեւ հետեւանք։

Համանախագահները կարճատեւ հանդիպում ունեցած են նաեւ քաղաքացիներուն հետ, որոնք ներկայացուցած են «ո՛չ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» իրավիճակին պատճառով ստեղծուած հարցերը։

Իջեւանի մէջ հանդիպումներէն ետք համանախագահները անցած են Երեւան, ուր համանախագահները հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ:

Նշենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները տարածաշրջանային այցելութեամբ 15 Հոկտեմբերին Պաքու կը գտնուէին։

Տարածաշրջանային այս այցելութեան նպատակը Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կայանալիք հանդիպման նախապատրաստումն է:

Ամերիկացի համանախագահը տարածաշրջան չէ այցելած:

 


comments

Advertisement