Սարգսեան կը պնդէ՝ ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման միակ ձեւաչափը Մինսկի խումբն է

By Asbarez | Thursday, 16 October 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպըր 16 Հոկտեմբերին համոզմունք յայտնած են այն մասին, որ խաղաղ բանակցային ուղիով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման միակ կարելի ձեւաչափը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբն է: Հերպըրթ Զալպըր Հայաստանի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին վերահաստատած է, որ Եւրոպական միութիւնը պատրաստակամ է շարունակելու աջակցիլ բարձր մակարդակով բանակցութիւններու կայացման ու բոլոր այն գործնական քայլերուն, որոնք կրնան ձեւաւորուիլ խաղաղ բանակցային գործընթացին մէջ եւ նպաստել հակամարտութեան հանգուցալուծման: Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ հարցի արդար կարգաւորման առանցքը Ղարաբաղի ժողովուրդին կողմէ ազատ կամքի արտայայտութեան միջոցով սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքն է: ԵՄի յատուկ ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ այս հանգրուանին բանակցութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ սպառիչ տեղեկութիւններու եւ որոշակի պարզաբանումներու համար՝ նշելով, որ ստացած տեղեկութիւնները պիտի փոխանցէ ԵՄ անդամ պետութիւններուն: Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ Հոկտեմբերի աւարտին Փարիզի մէջ՝ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի նախաձեռնութեամբ կայանալիք Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպումէն եղած ակնկալութիւններուն վերաբերեալ։

comments