By Asbarez | Thursday, 16 October 2014
Թրքական «Զաման» թերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Ռուպէ քաղաքի Սէնթ Անն քոլեճի աշակերտներէն 14ամեայ Իպրահիմ Քութլու դասարանէն հեռացուեցաւ, որովհետեւ ան դէմ եկաւ պատմութեան դասագիրքին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին գրուածին ու այս նիւթին շուրջ բանավէճ մը ունեցաւ իր դասընկերոջ հետ: Քութլու (նկարը) այսպէս պատմեց դէպքին մասին. «Ես ուսուցիչին ըսի, որ այդպիսի բան մը չէ պատահած: Ընկերներէս մէկը ինծի ըսաւ, որ երբ ցեղասպանութիւն կատարուեցաւ, դուն աշխարհ չէիր եկած»: Ես ալ անոր հետ վիճաբանութիւն ունեցայ, զիս դասարանէն դուրս դրին:
Դպրոցի տնօրէնութիւնը Քութլու ընտանիքին ուղարկեց ազդարարագիր մը, որուն մէջ գրուած էր հետեւեալը. «Պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասերուն ընթացքին իր ունեցած յարձակողական շարժուձեւերուն հետեւանքով, երկրորդ անգամ ըլլալով ազդարարութիւն կ՛ուղղենք ձեր որդւոյն: Ան Հայկական Ցեղասպանութեան մասին իր ուսուցչին ըսածներուն դէմ հակազդեցութիւն ցոյց տուած է. եթէ ան այս կերպ շարունակէ, դպրոցի կարգապահական խորհուրդն է, որ պիտի որոշէ, թէ ձեր որդին կրնա՞յ մնալ մեր դպրոցին մէջ, թէ ո»չ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ