By Asbarez | Thursday, 16 October 2014
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Տեղի տալով ամերիկահայութեան եւ քոնկրեսական ճնշումներուն՝ Սպիտակ տունը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15ին հաստատած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն պատրաստած ու Սպիտակ տան նուիրուած պատմական գորգը հանրութեան պիտի ցուցադրէ՝ զայն տասնամեակներով պահեստարանին մէջ պահելէ ետք։
Այս մասին «Ասպարէզ»ի հարցումին պատասխանելով՝ Սպիտակ տունը նշած է. «Նախագահն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շարունակաբար պատմական իրականութիւն համարած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն տեղի ունեցած 1.5 միլիոն հայերու սպանդը ու ցաւակցութիւն յայտնած են անոր համար՝ միաժամանակ շեշտելով, որ անոր ամբողջական, անկեղծ եւ արդար ճանաչումը բոլորին, ներառեալ՝ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ամերիկայի համար, նպաստաւոր պիտի ըլլայ»։
Նախկին յայտարարութեան մէջ, Սպիտակ տունը բաւարարուած էր նշելով, որ գորգը նուիրուած էր «տեղահանուած հայ որբերուն կողմէ», առ ի երախտագիտութիւն ամերիկացիներու տրամադրած օժանդակութեանց։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Սպիտակ տունը ցարդ չէ յստակացուցած, թէ ինչպէ՛ս պիտի ներկայացնէ գորգը, այսինքն՝ յստակ չէ, թէ գորգին պատմութիւնը ուղակիօրէն պիտի կապուի՞ Հայկական Ցեղասպանութեան, թէ չէ։
«Նախագահը յստակ որոշում մը պէտք է տայ։ Եթէ գորգը հանրութեան ցուցադրելու որոշումին ընկերանայ նշում մը, որ ցարդ անպատիժ մնացող ահաւոր ոճիրին՝ Ցեղասպանութեան, յստակ ու ճշգրիտ բնորոշումը կը կատարէ, ապա ան կարեւոր յառաջդիմութիւն մը արձանագրած պիտի ըլլայ այս գծով Թուրքիոյ բանեցուցած ճնշումներուն դէմ դնելու գծով։ Սակայն, եթէ ան տայ տարբեր որոշում մը, որուն նպատակն է նման յառաջդիմութեան մը այլընտրանքը առաջադրել, ապա անիկա Թուրքիոյ ճնշումներուն տակ առնուած վիրաւորական այլ քայլ մը պիտի ըլլայ», կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 16ի իրենց թիւերով այս լուրին անդրադարձած են «Ուաշինկթըն Փոս»չ, «Լոս Անճելըս Թայմզ» եւ այլ ամերիկեան թերթեր։ «Լոս Անճելըս Թայմզ» կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբերի տեղակալ Պերնատեթ Միհըն այս կապակցութեամբ յայտնած է, թէ գորգը «մեզի կը յիշեցնէ այն զօրաւոր յարաբերութիւնը, որ հաստատուած էր Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդներուն միջեւ»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ