ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպումը Անգլիոյ պաշտօնատարներու հետ

By Asbarez | Thursday, 16 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».- Հոկտեմբեր 15ին, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը այցելեց Միացեալ Թագաւորութեան (Մեծն Բրիտանիա) արտաքին գործոց նախարարութեան Լոնտոնի կեդրոնատեղին եւ հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ:


Հայ Դատի պատուիրակութիւնը բաղկացած էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանէն եւ Հայ Դատի Անգլիոյ յանձնախումբի պատասխանատու Սեւան Արթինէն:

ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն փոխանցեցին Սուրիոյ հայութեան վիճակին, Արցախի հիմնահարցի բանակցային գործընթացին եւ անվտագնութեան իրավիճակին, Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու սառած գործընթացին, տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ոչ-կառուցողական քաղաքականութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին կարգ մը հարցերու մասին իրենց ներկայացուցած կազմակերպութեան տեսակէտներն ու մօտեցումները:

Հանդիպումը մաս կը կազմէր ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն եւ Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն միջեւ Լոնտոնի եւ Երեւանի մէջ պարբերաբար կատարուող հանդիպումներու շարքին:

 


comments

Advertisement