By Asbarez | Friday, 17 October 2014
Հայոց Ցեղասպանութէան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դեսպանատուներուն բաժնեց Տէր Զօրի մասին ֆրանսաբնակ լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանի եւ ֆրանսացի լրագրող Քրիսթին Սիմէոնի համահեղինակած փաստավաւերագրական ալպոմ-գր-քոյկը: Ֆրանսա հրատարակուած գեղատիպ հատորը վաւերական տեղեկութիւններու հաւաք է Ցեղասպանութեան իրականացման հիմնական վայրին, շրջանին մէջ վերապրածներէ սերած ազգաբնակչութեան եւ Ցեղասպանութեան վաւերական հետքերուն:
Յարգելի՛ տիկին, պարոն,
Հայոց Ցեղասպանութեան ամէնէն խօսուն վկայարանը՝ Տէր Զօրի մատուռն ու թանգարանը պայթեցուեցան Իսլամական պետութեան զինեալներուն կողմէ, 21 Սեպտեմբերին: Տէր Զօրի մատուռի պայթեցումը չի տեղադրուիր Միջին Արեւելքի ապաքրիստոնէացման միտող եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական կեդրոններու հրթիռակոծման, ռմբահարման եւ քանդումի շարքին:
Տէր Զօրի հայկական կառոյցները պայթեցնողները քաջ գիտէին, որ տարածքը պարպուած էր քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններէ: Ճիշդ է, որ պայթեցումը կ՛իրականանար Իսլամական պետութեան զինեալներուն կողմէ, այսուհանդերձ պարզ է, որ անոր գոյութիւնը նախ եւ առաջ կ՛անհանգստացնէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրող Օսմանեան պետութեան այսօրուան ժառանգորդները: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին Տէր Զօրի չէզոքացումը կը բխէր նախ եւ առաջ Անգարայի շահերէն:
Համատարած համոզում է ու փաստ, որ իսլամական զինեալները անարգել Սուրիա մուտք կը գործեն Թուրքիայէն, ուր եւ կը զինուին ու կը ֆինանսաւորուին: Ոճրային արարքին պատասխանատուութիւնը կ՛երթայ գլխաւոր պատուիրատուին:
Տէր Զօրի պայթեցումը թրքական ժխտողականութեան քաղաքականութեան վերջին դրսեւորումն է: Մշակութային ցեղասպանութեան շարունակութիւնը հանդիսացող այս արարքի միջազգային դատապարտումը աւելի քան անհրաժեշտ հրամայական է՝ կանխարգիլելու համար նման յանցագործութիւններու կրկնութիւնը:
Պատահածին իրաւաքաղաքական գնահատական տալու հրաւիրուած է միջազգային ընտանիքը:
Արեւմտահայաստանի տարածքին թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ պայթեցուած եկեղեցիներու իրականութիւնը յիշեցնող այս արարքը կը բացայայտէ արարքին ետին կանգնած ուժին դիմագիծը:
Հայութեան պահանջներու իրաւականացման գործընթացի սկիզբին դիմաց մարդկութիւնը ականատես կ՛ըլլայ բարբարոսութեան նորագոյն դրսեւորումներու: Բարբարոսութիւններ, որոնց ո-ճին ծանօթ է մարդկութիւնը: Բայց որոնց հեղինակները առ այսօր չեն պատժուած եւ չեն հատուցած իրենց արարքներուն համար:
Միջազգային ընտանիքին պարտաւորութիւնն է իրերը կոչել իրենց անուններով եւ իրաւաքաղաքական գնահատական տալ նորագոյն այս բարբարոսութեան:
Կցուած գրքոյկը ընդհանուր գաղափար կու տայ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացման գլխաւոր միջավայրի պայմաններուն, պատմութեան, Տէր Զօրի կառոյցներուն եւ անոնց ներկայացուցած փաստավաւերագրական արժէքին: Անոնց իրազեկումը բացատրողական է, թէ ո՞վ եւ ինչո՞ւ պայթեցուց Տէր Զօրի հայկական կառոյցները:
Յարգանքներով՝
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ