Աբխազիոյ երկրորդ փոխվարչապետ նշանակուած է Սուրէն Կերսելեանը

By Asbarez | Friday, 17 October 2014

 

Աբխազիոյ մէջ հաստատուած է կառավարութեան նոր կառոյց մը. ըստ նախագահ Ռաուլ Խաճիմպայի հրամանագիրին՝ նոր կառավարութեան մէջ պիտի գործեն երեք փոխվարչապետներ: Առաջին փոխվարչապետ նշանակուած է Շամիլ Աձինպան, իսկ Սուխումի հայ համայնքի ղեկավար Սուրէն Կերսելեան դարձած է երկրորդ փոխվարչապետ: Կերսելեան նաեւ պիտի գլխաւորէ աշխատանքի եւ ընկերային պաշտպանութեան նախարարութիւնը:


comments

Advertisement