Քրտական ուժերը կ՛ամրապնդեն Քոպանիի իրենց դիրքերը

By Asbarez | Friday, 17 October 2014

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական Քոպանի (Արաբունար) քաղաքին մէջ քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն եւ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան զինեալներուն միջեւ բախումները արդէն իսկ երկրորդ ամիսն ըլլալով կը շարունակուին։


Քրտական ուժերը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 17ին իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են իրենց դիրքերը ամրապնդելու ջանքերուն վրայ, մինչ քաղաքի կարգ մը շրջաններուն մէջ մնացող ծայրայեղականները վտարելու փորձերը կը շարունակուին։ Հակառակ իրենց անբաւարար զինամթերքին, քիւրտ զինեալները հակայարձակումի դիմելով՝ վերատիրացած են մասամբ գրաւուած քաղաքի շարք մը թաղերուն:

Վերջին քանի մը օրերուն, ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերը աշխուժացուցած են իրենց օդային հարուածները՝ տկարացնելով ծայրայեղականներու դիրքերը։ Քոպանիի տեղական կառավարման մարմինի անդամ Իտրիս Նահսան «Մայատին»ին յայտնած է, որ օդային հարուածները իրենց դրական ազդեցութիւնը սկսած են ցոյց տալու՝ աւելցնելով. «Եթէ օդային յաւելեալ աջակցութիւն ըլլայ, քիւրտերը պիտի կարենան Քոպանին ամբողջովին ազատագրել»:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ բախումներուն ընթացքին ցարդ սպաննուած են առնուզան 374 ծայրայեղական զինեալներ, իսկ քրտական ուժերը 258 զոհ տուած են։ Սպաննուած են նաեւ մօտաւորապէս 30 քիւրտ քաղաքայիններ:

Նշենք, որ ամերիկեան ռմբաձիգները Հինգշաբթի օր Հասաքէի հարաւը գտնուող Շատտատէ գիւղին մօտ գտնուող ծայրայեղականներու դիրքերուն վրայ եւս 7 յարձակում գործած են:

Նաեւ, դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» թերթին յայտնած են, որ Թուրքիա Սուրիական ազատ բանակի ուժերը ստիպած է քիւրտերու կողքին կռիւի դիրքերէն հեռանալու դէպի թրքական հողեր՝ Քոպանիի բախումներու բեռը ձգելով քիւրտերու ուսերուն:

Միւս կողմէ, Փենթակոն յայտարարեց, որ միջազգային դաշինքի մասնակցութեան հարցով, Թուրքիոյ հետ դրական բանակցութիւններ տեղի ունեցած են: Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պատրաստակամ է Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու հարցը Թուրքիոյ հետ քննելու, սակայն այդպիսի գօտի մը Ուաշինկթընի համար նպատակ մը չէ:

Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտնեց, որ ահաբեկիչներու վտանգին դէմ պայքարը երկարատեւ պիտի ըլլայ՝ աւելցնելով, որ ռուսական բանակը եւս պիտի գտնուի այս պայքարին միանալու պարտադրանքին տակ:

 


comments

Advertisement