Պաղեստինը ճանչցող Բրիտանիոյ խորհրդարանի որոշումը յարգելու կոչ

By Asbarez | Friday, 17 October 2014

 

ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ խորհրդարանը 274 թեր եւ 12 դէմ քուէներով այս շաբթուան սկիզբը վաւերացուցած էր բրիտանական կառավարութեան համար ոչ պարտադիր որոշում մը, որ իբրեւ անկախ պետութիւն կը ճանչնայ Պաղեստինը, նպաստելու համար Պաղեստին-Իսրայէլ տագնապին՝ երկու պետութեանց հիմամբ լուծումի մը բանակցութեանց։


Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի կոչ ըրաւ, որ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը յարգէ խորհրդարանի որոշումը՝ նոյնիսկ եթէ ատիկա պարտադիր չէ, անմիջապէս յայտարարելով, որ մտադիր է Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալ: Ան խորհրդարանի որոշումը նկատեց «քաջարի»՝ նկատի ունենալով զայն ձախողութեան մատնելու նպատակով խորհրդարանին վրայ բանեցուած ճնշումները:

Իսրայէլի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Մեթիու Կոլտ յայտնեց. «Այս քայլը ցոյց կու տայ, որ Բրիտանիոյ հանրային կարծիքին մօտ փոփոխութիւն արձանագրուած է», եւ այդ իրողութեան հետ հաշուի նստելու համար, Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ պաղեստինեան գրաւեալ հեղերուն վրայ ապօրինի բնակեցման վայրերու կառուցումը:

Իսրայէլ քննադատած է խորհրդարանի քայլը՝ զայն «խաղաղութեան առիթները արգելակող» քայլ նկատելով, իսկ ընդդիմութեան ղեկավար Իցհաք Հերցոկ քուէարկութեան արդիւնքը Իսրայէլի կառավարութեան համար «յաւելեալ մէկ ձախողութիւն» որակած է:


comments

Advertisement