By Asbarez | Friday, 17 October 2014
ՄԱԿ, «Նիուզուիք».- Հակառակ Թուրքիոյ տարած քարոզչական արշաւին ու մէկ գիշեր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի կողմէ շարք մը օտար դիւանագէտներու համար Նիւ Եորքի «Ուոլտորֆ Ասթորիա» պանդոկին մէջ կազմակերպուած շքեղ հիւրասիրութեան, Թուրքիա Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 16ին չկրցաւ բաւարար քուէներ ապահովել՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ-մնայուն անդամ դառնալու համար։
Թուրքիոյ գլխաւոր մրցակիցն էր Սպանիան, որ գաղտնի քուէարկութենէն ետք ապահովեց 132 ձայն, մինչ Թուրքիա միայն 60 քուէ ստացաւ:
Անկոլա, Մալեզիա, Նիւ Զելանտա եւ Վենեզուելլա եւս ոչ-մնայուն անդամ ընտրուեցան։
Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ վերջին քանի մը օրերուն Թուրքիոյ ընտրութեան դէմ յատկանշական ջանք թափած են Եգիպտոսն ու Սէուտական Արաբիան։
15 հոգինոց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը կը բաղկանայ հինգ մնայուն (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա) ու 10 ոչ-մնայուն անդամներէ, որոնցմէ հինգը ամէն տարի կը փոխարինուի երկու տարուան պաշտօանավարութեան ժամկէտով ընտրուած նորընտիր հինգ անդամներով։
Նշենք, որ 2008ին Թուրքիա կրցած էր Ապահովութեան խորհուրդի անդամ ընտրուիլ՝ խլելով 151 քուէ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ