Հալէպի Հայ որբերուն մասին փաստաթուղթերը՝ Թրքերէնով

By Asbarez | Friday, 17 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն, Հալէպի «Փրկութեան տուն»ին մէջ պահուած հայերուն պատկանող փաստաթուղթերը եւ նիւթերը թարգմանուած եւ հրատարակուած են թրքերէնով:


Այս տեղեկութիւնը հաղորդած «Ակօս» թերթը կ՛աւելցնէ, թէ գիրքը հրատարակուած է «Հալէպի Ապաստարան 1922-1927» խորագիրով, իսկ հրատարակիչն է «Ալֆա» հրատարակչատունը:

Հալէպի «Փրկութեան տուն»ը հիմնադրուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն, օգնելու համար Ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած բազմաթիւ հայ երեխաներու, որպէսզի գտնեն իրենց ազգականները եւ միանան իրենց ընտանիքներուն:

 


comments

Advertisement