By Asbarez | Friday, 17 October 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ելոյթ մը ունեցած է «Մարմարա» համալսարանին մէջ, որուն շրջանաւարտներէն մէկը եղած է ինք: Ըստ «Ակօս» թերթին՝ ան անդրադարձած է պատմական իրադարձութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու կարեւորութեան, իսկ անոր նշած պատմական իրադարձութիւններէն մէկը եղած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որուն մասին խօսելու ժամանակ գործածած է «1915ի դէպքերը» արտայայտութիւնը:
Էրտողան նախ քննադատած է Անգարայի նախկին քաղաքականութիւնը՝ ըսելով. «Երբ խօսուած է 1915 թուականին մասին, ըսուած է՝ «չլսենք, չտեսնենք», եւ այդպիսով փակուած է նիւթը»:
«Գալիք 2015 թուականին, 1915ի դէպքերու 100ամեակին, մենք առանձնայատուկ կերպով պիտի զբաղինք այդ հարցով», աւելցուցած է Էրտողան ու «դէպքեր»ը ուսումնասիրելու նպատակով, կոչ ըրած է օգտուելու Թուրքիոյ գրադարաններէն, ուր կը գտնենք, թէ Ցեղասպանութիւնը իրագործողները հայերն են եւ ոչ թէ թուրքերը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ