Վարչապետ Աբրահամեան Իրանի մէջ քննարկեց Հայ-Իրանական յարաբերութիւնները

By Asbarez | Monday, 20 October 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան պաշտօնական այցելութեամբ Իրան կը գտնուի՝ Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ջահանկիրիի հրաւէրով, որուն հետ հանդիպում ունեցած է թագաւորական «Սաատապատ» պալատին մէջ։ Վարչապետը համոզմունք յայտնած է, որ այցելութիւնը պիտի նպաստէ երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ կապերու առաւել ամրապնդման եւ նոր լիցք պիտի հաղորդէ փոխշահաւէտ գործակցութեան: «Այսօր կարելի է փաստել, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները գտնւում են բարձր մակարդակի վրայ եւ շարունակում են զարգանալ փոխվստահութեան մթնոլորտում, որի վառ ապացոյցներից են երկու երկրների բարձրաստիճան պատուիրակութիւնների յաճախակի փոխայցելութիւնները: Համոզուած եմ, որ հայ-իրանական համագործակցութիւնը նպաստում է նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդմանը», յայտնած է Յովիկ Աբրահամեան:

Փոխնախագահ Էսհաղ Ջահանկիրին եւս բարձր գնահատած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ներկայի մակարդակը՝ նշելով, որ տնտեսական յարաբերութիւնները կը զիջին առկայ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին, եւ վստահութիւն յայտնած է, որ վարչապետ Աբրահամեանի այցելութիւնը պիտի նպաստէ տնտեսական համագործակցութեան աշխուժացման:

Յովիկ Աբրահամեան ընդգծած է, որ առկայ է տնտեսական համագործակցութեան աշխուժացման մեծ ներուժ եւ պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնել՝ միացեալ նախագիծերու ու ծրագիրներու նոր շունչ հաղորդելու եւ զանոնք կեանքի կոչելու համար:

Քննարկուած են նաեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք կայացած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին վարչապետ Աբրահամեան ըսած է. «Իրանը մտադիր է Հայաստանի տարածքն օգտագործել որպէս տարանցիկ ուղի՝ դէպի Ռուսաստան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան այլ երկրներ իր ապրանանքներն արտահանելու համար»:

Անդրադառնալով ուժանիւթի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան՝ æհանկիրի յիշեցուցած է «Մեղրի» ջրելեկտրակայանի կառուցման համատեղ ծրագիրին մասին եւ նշած է, որ նախապէս ստորագրուած համաձայնագիրի գործադրութիւնը շատ կարեւոր է։ Ան յայտարարած է նաեւ, որ համաձայնած են Հայաստանի վարչապետին եւ Իրանի նախագահի առաջին տեղակալի նախագահութեամբ ստեղծել համատեղ բարձրագոյն յանձնաժողով, որ պիտի խթանէ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացումը: Ջահանկիրին նաեւ վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ առեւտրաշրջանառութեան քանակը, որ ներկայիս տարեկան 300 միլիոն տոլարի կը հասնի, էապէս պիտի աւելնայ:

Անկէ ետք վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմէտ Զաֆատ Զարիֆի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային խնդիրներն ու երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Կողմերը կարեւոր նկատած են տարածաշրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը, հակամարտութիւններու խաղաղ ճանապարհով կարգաւորումը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հարցին, կարեւոր նկատուած է համագործակցութիւնը միջազգային կառոյցներուն մէջ:

Կողմերը քննարկած են նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

Հոկտեմբեր 21ին վարչապետ Աբրահամեան Սպահանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նահանգապետ Ռասուլ Զարկարփուրի, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Նոր æուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ 350ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութեան:

 


comments