ԵՄն 170 միլիոն Եուրօ պիտի տրամադրէ՝ Հայաստանի մէջ եւս 200 ծրագիր իրականացնելու

By Asbarez | Monday, 20 October 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Յառաջիկայ երեք տարուան համար Եւրամիութիւնը պատրաստած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծրագիր ու պիւտճէական աջակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթ: 2014 -2017 թուականներուն համար պատրաստուած փաստաթուղթերուն մէջ առկայ ԵՄ նախաձեռնած ծրագիրներուն վրայ պիտի աւելնան յաւելեալ 200 ծրագիր: 20 Հոկտեմբերին «ԵՄ հաղորդակցութեան դասընթաց» քննարկման ընթացքին Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան համագործակցութեան բաժինի տնօրէն Հոաբին Աջեմեանը նշած է, որ այդ ծրագիրներու իրականացման համար Եւրամիութիւնը պիտի տրամադրէ մինչեւ 170 միլիոն եուրօ:


«Մենք ունենք ծրագրեր, որոնք վերաբերում են Հայաստան-ԵՄ առեւտրային համագործակցութեանը: Անկախ հանգամանքից, որ Հայաստանն միացաւ ԵՏՄին, հայկական ապրանքները կը շարունակեն արտօնեալ կերպով մուտք գործել եւրոպական շուկայ՝ պայմանով, որ իրականացուեն եւ պահպանուեն ԵՄ քսանեօթ ստանդարտներն ու համաձայնագրերը», յայտնած է Աջեմեան:

Այս տարի Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի կառավարութեան պիտի տրամադրէ 26 միլիոն եուրօ արդարադատութեան, կրթութեան, գիւղատնտեսութեան եւ մարդու իրաւունքներու բնագաւառին մէջ կատարուելիք բարեփոխումներուն համար: «Բարեփոխումներն ուղղուած են հայ հասարակութեանը եւ հայ քաղաքացուն:

Ընդհանրապէս բարեփոխումներն այնքան համալիր են, որ քաղաքացու համար դրանք երբեմն դժուար ընկալելի են: Տարեվերջին, երբ մենք հանդէս գանք հաշուետուութեամբ, կը փաստենք, որ արդարադատութեան ոլորտում բարեփոխման առումով կայ առաջընթաց եւ ԵՄն պատրաստ է շարունակելու այդ ուղղութեամբ աշխատանքները», յայտնած է Աջեմեան՝ աւելցնելով, որ ԵՄն պիւտճէական աջակցութիւն կը տրամադրէ՝ նպատակ ունենալով ձեւաւորել միջավայր մը, ուր առկայ է բարեկեցութիւն:

«Բիւջետային աջակցութեան նոր ծրագրում կրկին ուշադրութեան կենտրոնում է քաղաքացիական ծառայութիւնն ու ՏԻՄ ոլորտը: Քաղծառայութեան ոլորտում աջակցութեան վաթսուն ծրագիր կայ: Նոյնն է նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան առումով, քանի որ այդ ոլորտը շարունակում է մնալ մեր յարաբերութիւնների եւ հաղորդակցութեան առանցքում: Աջակցութիւն տրամադրւում է նաեւ ՏԻՄերին: Մեր ուշադրութեան կենտրոնում է զբօսաշրջութեան զարգացմանն ուղղուած ռազմավարութեան աջակցութիւնը, գենդերային անհաւասարութիւնների եւ բռնութիւնների ոլորտում նոյնպէս աշխատանք կայ կատարելու, եւ ԵՄն պատրաստ է աջակցել ԱԺին ընտանեկան բռնութեան դէմ համապատասխան օրէնքի ընդունման հարցում», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանին մէկ բնակիչի առումով երեք անգամ աւելի շատ գումար յատկացուած է, քան Ուքրանիոյ:

 

 


comments