Անգարա բուռն կերպով կը հակադարձէ Թեհրանին

By Asbarez | Monday, 20 October 2014

ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանշու Պիլկիչ քննադատեց իրանցի կարգ մը պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները, որոնք, ըստ իրեն՝ «անճիշդ պնդումներ» պարունակած են Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Ան Իրանին կոչ ուղղեց՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին իր ցուցաբերած աջակցութեան լոյսին տակ «ամօթով լուռ մնալու»:


«Անգարա, միջազգային օրէնքի լոյսին տակ, ստիպուած չէ ոեւէ մէկէն արտօնութիւն առնելու՝ իր ազգային ապահովութեան ուղղուած մէկ սպառնալիքին նկատմամբ միջոցառումներ որդեգրելու ընթացքին», ըսաւ ան:

Պիլկիչ այս խօսքով կը հակադարձէր Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանի յայտարարութեանց, որոնց մէջ ան Թուրքիան կ՛ամբաստանէր շրջանին մէջ «նոր օսմանական գաղափարաբանութիւնը հետապնդելու» յանցանքով: Վերջինս նշած էր, որ Իրան, սուրիացի ժողովուրդին օժանդակելու համար, Դամասկոսէն արտօնութիւն կը խնդրէ:

Պիլկիչ նշեց. «Թուրքիա սուրիացիներուն օժանդակած է անոնց ապրած մարդասիրական ողբերգութեան վերջ տալու համար, առանց կարիքը զգալու Դամասկոսի օրինականութիւնը կորսնցուցած վարչակարգէն արտօնութեան»:

«Մեզ շրջապատող ահաբեկչութեան փորձանքի ծնունդին եւ այսքա՛ն բարդանալուն իսկական պատճառը եղող Դամասկոսի վարչակարգին աջակցող պետութենէ մը կը սպասուէր առնուազն ամօթէն լուռ մնալ՝ շրջանին մէջ եւ մասնաւորաբար Քոպանիի մէջ մարդկային աղէտներուն ի տես», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Անգարա Իրանի դեսպանատան փոխանցած է իրանցի պաշտօնատարներուն կողմէ այդ «անճիշդ» պնդումներուն հանդէպ իր դժգոհութիւնը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մօտ Իրանի դեսպանը Կիրակի օր կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր փոխանցուած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ քաղաքականութեան հարցով Անգարայի ուղղուած Թեհրանի քննադատութեան դէմ բողոքագիրը:


comments