ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Իրանի նախագահական նստավայրին մէջ 20 Հոկտեմբերին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:
Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ Իրան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը պիտի նպաստէ հայ-իրանական տնտեսական կապերու աշխուժացման, նոր ներդրումներու ներգրաւման՝ հաստատելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները խարսխուած են դարաւոր բարեկամութեան հիմքերու վրայ:
Հասան Ռուհանի նշած է, որ այս այցելութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ խորացման՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ: Իրանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու հայկական կողմի նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ համատեղ ծրագիրներու իրականացման:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նաեւ յայտնած է, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան կրնայ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել օտար ներդրումներու աշխուժացման։
Իրանի նախագահը բարձր գնահատած է հայ համայնքի դերակատարութիւնը երկրի տարբեր ոլորտներու զարգացման իմաստով։
Կողմերը անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ տարածաշրջանային խնդիրներուն: Վարչապետ Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստան հետամուտ է միայն խաղաղ ճանապարհով խնդիրի կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ: Երկուստեք ընդգծած են տարածաշրջանային հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:
Յովիկ Աբրահամեան Հասան Ռուհանիին փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը՝ Ապրիլ 2015ին Երեւանի մէջ ներկայ գտնուելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան:
Իրանի նախագահը իր կարգին Հայաստանի նախագահին ու հայ ժողովուրդին փոխանցած է իր ջերմ բարեմաղթութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին Յովիկ Աբրահամեանն Իրանի նախագահի հետ քննարկած է երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: