Երեւանի մէջ կայացած են Իպոլայի ներթափանցումը դիմակայելու համար վարժութիւններ

By Asbarez | Tuesday, 21 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան Բ. Ալեքսանեանի անուան համաճարակաբանութեան, ժահրաբանութեան եւ բժշկական մակաբուծաբանութեան գիտահետազօտական հաստատութեան մէջ մասնակցած է Իպոլա ժահրի ներթափանցման պարագային պատրաստուածութեան աստիճանը գործնականին մէջ գնահատելու համար կազմակերպուած ուսումնական վարժութիւններ:


Ներկայ էին մայրաքաղաքի եւ մարզերու համաճարակաբաններն ու վարակաբանները, սահմանակէտերու բժշկական–առողջապահական հսկիչ ծառայութեան ղեկավարները:

«Մեր պատրաստուածութեան աստիճանը պէտք է չափազանց բարձր լինի՝ վիրուսի ներթափանցման առաջին իսկ կասկածի դէպքում հնարաւոր վիրուսակրին մեկուսացնելու, բուժումը կազմակերպելու համար: Ողջ գործընթացը պէտք է լինի խիստ կանոնակարգուած եւ կազմակերպուած», ընդգծած է Արմէն Մուրադեանը՝ կարեւոր նկատելով բժշկական անձնակազմի պատարստուածութեան եւ իրազեկուածութեան բարձր մակարդակը:

Անոր համաձայն՝ բարձր կազմակերպուածութեամբ կարելի է խուսափիլ հաւանական վտանգներէն: Նախարարը կարեւոր նկատած է այն, որ իպոլա ժահրով կասկածեալի յայտնաբերման պահէն մինչեւ բժշկական կեդրոն անոր տեղափոխումը պէտք է մշակուած ըլլայ համապատասխան ժամանակացոյցի, գործողութիւններու յստակ ծրագիր։

Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի տեղեկալ Սերգէյ Խաչատրեանը նշած է, որ նախարարութեան մէջ կազմակերպուած են անմիջական օժանդակութեան վարժութիւններ։

«Դրանց շնորհիւ յստակեցրել ենք բոլոր ծառայութիւնների եւ մասնագէտների պատասխանատուութիւնները, պարտականութիւնները եւ գործողութիւնները, որոնք պէտք է իրականացուեն էբոլա վիրուսով կասկածեալ հիւանդի Հայաստան ժամանելու դէպքում», յայտնած է Սերգէյ Խաչատրեան՝ հանգամանալից կերպով ներկայացնելով տուեալ իրավիճակին համար սահմանուած բոլոր քայլերու յաջորդականութիւնը:

«Հիւանդութիւնների վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կենտրոն»ի տնօրէն Արտաւազդ Վանեան ներկայացուցած է իպոլա ժահրին պատճառով յարուցուած հիւանդութեան համաճարակային իրավիճակը աշխարհի մէջ։

«Այսօրուայ վարժանքի նպատակը վարակաբանների, համաճարակաբանների, սահմանային կէտերի համաճարակաբանների փոխհամագործակցութեան ապահովումն է», նշած է Արտաւազդ Վանեանը:

Անոր առաջարկով՝ մարզային սահմանային անցակէտերուն մէջ պիտի ստեղծուին արագ արձագանգնման խումբեր, որոնք պիտի իրականացնեն անհրաժեշտ միջոցառումներ վարակի տարածումը տեղւոյն վրայ կանխարգիլելու նպատակով:

«Նորք» հիւանդանոցի տնօրէն Արա Ասոյեան նշած է, թէ կեդրոնը ապահովուած է անհրաժեշտ պայմաններով՝ վարակի կասկածի պարագային հիւանդները մեկուսացնելու համար:

«Յատուկ վտանգաւոր եւ օդակաթիլային վարակների համաճարակաբանութեան բաժին»ի պետ Լիանա Թորոսեան նշած է, որ՝ հիմք ընդունելով Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մօտեցումները եւ ուսումնասիրելով իպոլայի հիւանդութեան դէմ պայքարի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկման կանխարգիլման կեդրոնի կողմէ առաջարկուած քայլերը՝ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը կը կատարէ շարք մը նախաձեռնութիւններ: Բժշկական անձնակազմին իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով մշակուած է մեթոտական ուղեցոյց: Մշակուած է յուշաթերթ՝ ազգաբնակչութեան համար:

 


comments

Advertisement