Իսլամ ծայրայեղականներ գրաւած են Քիւրտերուն հասցէագրուած զէնքերուն մէկ մասը

By Asbarez | Tuesday, 21 October 2014

 

 


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին հաղորդուեցաւ, որ Քոպանիի (Արաբունար) քիւրտերուն հասցէագրուած զէնքերուն մէկ մասը ինկած է իսլամ ծայրայեղականներու ձեռքը։

Մէկ օր առաջ, ամերիկեան զինուորական օդանաւերը զէնք, զինամթերք եւ մարդասիրական օժանդակութիւն նետած էին քիւրտերուն, որոնք Քոպանիի մէջ կը մարտնչին «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան զինեալներուն դէմ: Կը հաղորդուի, որ նշեալ զէնք-զինամթերքին աղբիւրը հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար կառավարութիւնն է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց. «Թրքական իշխանութեանց հետ խօսեցանք. ես խօսեցայ, նախագահը խօսեցաւ՝ շատ յստակ դարձնելու համար, որ ասիկա Միացեալ Նահանգներու կողմէ քաղաքականութեան փոփոխութիւն մը չէ: Ճգնաժամի պահ է, ստիպողական պարագայ մը»: Ան աւելցուց, որ ասիկա «ժամանակաւոր քայլ մըն է»:

Իր կարգին, Սպիտակ տան բանբեր Էրիք Շուլց ըսաւ, որ Պարաք Օպամա իր թուրք պաշտօնակիցին հետ ունեցած հեռաձայնային վերջին զրոյցին ընթացքին բացէ ի բաց խօսած է Քոպանիի քիւրտերը զինելու մասին ու ըսած է, որ Ամերիկա պիտի շարունակէ օգնել Քոպանիի քրտական ուժերուն։ «Անցեալ շաբաթավերջին բոլորն ալ տեղեկացան Օպամա-Էրտողան հեռաձայնային զրոյցի մանրամասնութիւններուն մասին։ Ես չեմ փափաքիր Թուրքիոյ պատասխանը քննարկել, բայց կը շեշտեմ, որ Օպամա Ամերիկայի դիրքորոշման մասին տեղեակ պահած է Էրտողանը», ըսաւ Շուլց՝ աւելցնելով, որ Օպամայի վարչակարգը չի կրնար օգնութեան ձեռք չերկարել Քոպանիի քիւրտերուն, որոնք պաշարման տակ կը գտնուին։ Ըստ իրեն՝ Թուրքիա եւ Ամերիկա հասարակաց շահեր կը հետապնդեն «Իսլամական պետութիւն»ը ոչնչացնելու, Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու եւ Իրաքի մէջ կայունութիւն ապահովելու հարցերուն մէջ։

Վերջին օրերուն, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշինքի օդային հարուածները դանդաղեցուցած են իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն յառաջխաղացքը, սակայն կացութիւնը կը շարունակէ մնալ վտանգաւոր, որովհետեւ զինեալները կը շարունակեն սպառնալ քաղաքին։

Քրտական աղբիւր մը Երկուշաբթի օր հաստատած էր, որ մեծաքանակ զէնք եւ զինամթերք հասած է Քոպանի: Ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ուժերու բանբեր Ռիտոր Շալիլ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ ամերիկեան զէնքերը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան ճակատամարտին վրայ, սակայն ճակատամարտը վճռելու համար բաւարար չեն անոնք:

Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը Իրաքի քիւրտ զինեալներուն՝ փեշմերկաներուն, կ՛օժանդակէ Քոպանի հասնելու, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»ին յայտնած են, որ փեշմերկաներու Թուրքիոյ ճամբով Քոպանի մուտքը արդէն իսկ սկսած է:

Մինչ այդ, թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»ին յայտնած են, որ Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանէն Ամերիկայի հասցուցած օժանդակութիւնները՝ Քոպանիի քրտական ուժերուն, թրքական օդային տարածքին ճամբով չեն առաքուած:

Վերջապէս, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու քրտական խաղաղութեան հոլովոյթի հարցով «Իմաստուն անձերու խմբակ»էն անդամներու հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ շրջանին առջեւ երկու ուղի կայ՝ ժողովուրդներու համարկում կամ ցաւալի բախումներ:

«Վերջին դէպքերը ցոյց տուին, որ կարելի չէ Թել Ապիատը Աքչաքալէէն անջատել, Սուրուճը՝ Քոպանիէն, Մծբինը՝ Գամիշլիէն եւ Եայլատաղը՝ Պայըրհուչաքէն։ Ասիկա նաեւ նոյնն է Պալքաններու եւ Կովկասի համար։ Այս սահմանագծումները անիմաստ պիտի դառնան եւ բոլոր հասարակութիւնները, որոնք իրարու ազգականներ են, տագնապներէն բխած ցաւերը պիտի համարկեն: Երկու ընտրանք գոյութիւն ունի. կա՛մ այս շրջանին մէջ կ՛ընտրենք խաղաղ եւ միաւորող մօտեցում մը, որ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի վրայ, կա՛մ պիտի մնանք ահաբեկչական կամ արմատական խմբաւորումներու ազդեցութեան տակ», նշած է Տաւութօղլու:

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» նաեւ կը հաղորդէ, որ հանդիպումէն նշանակալից բացականերն էին Պասքըն Օրան, Մուրաթ Պելկէ, Եըլմազ Էրտողան, Շեմսի Պայրաքտար եւ Իւճել Սայման:

 


comments

Advertisement