Իրանեան կայանի լրագրողը՝ Թուրքիոյ Մէջ Կասկածելի Արկածի Մը Զոհ

By Asbarez | Tuesday, 21 October 2014

 

ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Փրէս Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի՝ ծագումով ամերիկացի-լիբանանցի լրագրող Սերենա Շիմ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին զոհ դարձաւ ինքնաշարժի կասկածելի արկածի մը, որ պատահեցաւ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ, ուր ան Քոպանիի բախումներուն մասին լրատուութիւն կը կատարէր: Շիմը փոխադրող ինքնաշարժը, Սուրուճ քաղաքին մէջ գտնուող պանդոկ մը վերադարձած ատեն, բախած է փոխադրակառքի մը, որուն վարորդին ինքնութիւնը անյայտ է: Շիմ անցեալ Ուրբաթ իր պատկերասփիւռի կայանը տեղեակ պահած էր, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը՝ ՄԻԹը, Քոպանիի մէջ Թուրքիոյ կեցուածքներուն վերաբերեալ լրատուութիւն կատարելուն համար զինք լրտեսութեան յանցանքով ամբաստանած է՝ աւելցնելով, որ ունի այն մտավախութիւնը, որ զինք պիտի ձերբակալեն: Շիմ նշած էր նաեւ, որ ինք եւ այլ լրագրողներ իրենց տեղեկութիւնները կը քաղեն զինեալներէ, որոնք Թուրքիոյ սահմանին ճամբով Սուրիա կը ներթափանցեն:


comments

Advertisement