«Սթար»ի առաջարկը՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին

By Asbarez | Tuesday, 21 October 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Սթար» թերթը իր Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20ի թիւով, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին հետ կապուած նոր մօտեցումներ կ՛առաջարկէ ու իշխանութիւններուն խորհուրդ կու տայ՝ առանց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու՝ «հայերուն ընդառաջ» քայլեր առնել։ Յօդուածին մէջ կ՛առաջարկուի, որ իշխանութիւնները իրենց «ուշադրութեան տակ պահեն» Թուրքիոյ մէջ առժամաբար ապաստանած հայաստանցիները եւ վերակառուցեն Անին։ Կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիոյ մասին միջազգային հանրութեան տպաւորութիւնը բարելաւելու համար, կարելի է «շարունակական քայլեր առնել՝ առանց ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը»։ Յօդուածի համաձայն՝ ատիկա կարելի է ընել երկու ուղղութիւններով։ Նախ՝ պէտք է կարելիութիւններ ստեղծել այն հայաստանցիներուն համար, որոնք աշխատելու նպատակով առժամաբար Թուրքիա եկած են։ Երկրորդ ուղղութիւնը կը վերաբերի Հայաստանի միջնադարեան մայրաքաղաք Անիին։ «Անին հայերու հաւատքի կեդրոններէն մէկն է։ Անին մեզի համար ալ կարեւոր է։ Դարերու ընթացքին այդ մայրաքաղաքը աւերակ դարձած է։ Կը գտնուի Հայաստանի հետ սահմանին վրայ։ Աղթամար եկեղեցւոյ օրինակով, Թուրքիան շատ կարճ ժամանակի մէջ, միջազգային խորհրդատուներու եւ ընկերութիւններու մասնակցութեամբ, պէտք է վերակառուցանէ Անին։ Վերակենդանացումէն ետք, քաղաքը բաց պէտք է ըլլայ հայերու համար։ Հոն երթալու եւ իրենց հոգեւոր արժէքները տեսնելու համար, հայերէն մուտքի արտօնագիր կամ անձնագիր պէտք չէ պահանջուի», կը նշէ «Սթար»։


comments

Advertisement